Կառավարութեան այսօրուայ նիստին վարչապետ Կարէն Կարապետեան անդրադարձաւ մամուլի մէջ տեղ գտած այն հրապարակումներուն, որոնք կը նշեն, թէ որոշ գերատեսչութիւններ եւ մարզային կառոյցներու ղեկավարներ սկսած են օգտագործել պետական ռեսուրսը, նախընտրական քարոզչութեան համար:
«Մտնում ենք նախընտրական փուլ: Բոլորին խստագոյնս զգուշացնում եմ, որ նման ծառայութիւնները արջի ծառայութիւններ են լինելու՝ անկախ նրանից, թէ որ կուսակցութեան շահն են իրենք պահում: Յատուկ ուշադրութիւն դարձրէք այդ խնդրին»,- նշած է Կարէն Կարապետեան: