image

«Էրտողանի տիրապետութեան փորձը Միջերկրականի մէջ անյաջող էր...» Համբարձում Աղպաշեան

«Էրտողանի տիրապետութեան փորձը Միջերկրականի մէջ անյաջող էր...» Համբարձում Աղպաշեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ արմատներով իրաքահայ ճարտարագէտ, վերլուծաբան՝  Համբարձում Աղպաշեան.


-Նկատած ենք, որ տարբեր առիթներով դուք հանդէս կու գաք քաղաքական վերլուծական յօդուածներով, նաեւ քաջ գիտենք, որ  մասնագիտութեամբ ճարտարագէտ էք. ինչպէ՞ս կրնաք մասնագէտ ճարտարագէտ մը ըլլալու կողքին նաեւ քաղաքական վերլուծութիւններով հանդէս գալ, ի՞նչ է պատճառը:


-Այո, մասնագիտութեամբ ճարտարագէտ եմ, շրջանաւարտ Պաղտատի համալսարանէն 1969-ին, այդ մէկը կարեւոր էր, որ կարողանայի լաւ եկամուտ ունենալ եւ լաւ ապրուստ ապահովել. միւս կողմէն հետեւելով տարբեր ժողովուրդներու պատմութիւններուն, որ սկսած է մեր ազգի պատմութեամբ եւ անոր դառն հատուած հանդիսացող ցեղասպանութեան իրողութեամբ, այդ ինձ ստիպեց քննել մեր ժողովուրդի պատմութեան տարբեր փուլերը ու նաեւ քննարկել համաշխարհային իրադարձութիւններն ու քննական ակնոցով նայիլ անոնց ազդեցութեանը մեր հարցերու վրայ. հետևաբար` քաղաքական վերլուծումները կարեւոր եղան. աւելին, ԱՄՆ-ի մէջ հաստատուելէս ետք, հնարաւորութիւն ունեցայ երեք տարի շարունակ քաղաքագիտութեան և պատմութեան դասերու հետեւելու։ Ըսեմ նաեւ, որ իմ գրութիւններս լոյս կը տեսնեն՝ «Ասպարէզ»ի, «Նոր Օր»ի, «Մասիս»ի մէջ , (Լոս Անճելըս) ու մասամբ ալ «Զարթօնք»ի եւ «Ազդակ»ի մէջ, Լիբանան, իսկ արաբերէն https://www.algardenia.com) եւ անգլերէնները ՝ https://www.academia.edu- ի մէջ։

 

-Դուք կու գաք Իրաքէն: Իրաքը վերջին 15 տարիներուն դարձաւ Մերձաւոր Արեւելքի արիւնահոսող վէրքը, որուն տագնապները նաեւ այսօր կը շարունակուին, ու երկիրը տակաւին չէ հասած ապահով ափ. ձեր կարծիքով, ո՞րն է Իրաքի այսպիսի տագնապահար ըլլալու իրավիճակը:

Շարունակելով Իրաքի մասին հարցումը, նաեւ կը նկատենք. որ Իրաքի համար բացայայտ կռիւ կայ, մանաւանդ այս օրերուն, մէկ կողմէն Միացեալ Նահանգները, միւս կողմէ Իրանը ամէն ճիգ ի գործ կը դնեն իրենց տիրապետութեան տակ առնելու համար Իրաքը: Ի՞նչ է խորհուրդը այս շահագրգռուածութեան, եւ ի՞նչ ներուժ ունի Իրաքը որ այս երկու մեծ տէրութիւններուն համար կռուախնձոր դարձած է:

 

-Ներկայիս Իրաք կռուախնձոր դարձած է շրջանի երկիրներու եւ մեծ պետութիւններու միջեւ: Իրանը, Թուրքիան, Սէուտական Արաբիոյ և Պարսից Ծոցի երկիրները իրենց շահերը կը փնտռեն, նմանապէս ԱՄՆ-ը, եւրոպական երկիրները, Ռուսաստանը եւ ուրիշներ. Իրաքի քարիւղը, երկրի այլ հարստութիւնները եւ աշխարհագրական դիրքը միշտ անոնց մղած են իրենց շահերը փնտռելու եւ կ՚երազէին օր առաջ անոր անկումին:

Իրաք հզօր պետութիւն մը ըլլալով վախ և խուճապ յառաջացուցած է շրջանի երկիրներուն եւ անոնց դաշնակիցներուն: Բոլորն ալ յարմար առիթի մը կը սպասէին, որպէսզի այդ երկիրը քայքայուի։

Իրաքի մենատէր ղեկավարին վարած սխալ քաղաքականութիւնը (նկատի ունի Իրաքի նախագահ Սատտամ Հիւսէյնը- խմբ. «Արեւելք»), Իրանի պատերազմը եւ Քուէյթի ներխուժումը, եւ մեծ պետութիւններու տիրապետութեան հակումները, պատճառ եղան երկիրը վատ վիճակի հասցնելու. իսկ 2003-էն ետք երկիրը ներխուժողները «գող աւազակներու հարսանիք» սարքեցին:


-Մենք նաեւ կը նկատենք, որ աշխոյժ կերպով կ'ընթանան բանակցութիւններ մէկ կողմէ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու եւ միւս կողմէ Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի միջեւ: Ձեր կարծիքով դէպի ո՞ւր կրնան տանիլ այս բանակցութիւնները, ի՞նչ ընդհանուր պատկեր կրնաք նկատել այս բոլորին առընթեր:

 

-Ներկայ բանակցութիւնները Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ մէկ կողմէ, Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւնները, միւս կողմէ բնաւ հեռու չեն Իրաքի մէջ տեղի ունեցած անցուդարձներէն։ Իրաք աշխարհաքաղաքական եւ ռազմավարական կարեւորութիւն ունի Իրանի համար, ան դէպի Սուրիա եւ մինչեւ Լիբանան կ՚ընդլայնէ Իրանի ազդեցութիւնը, եւ իսրայէլեան պետութեան անուղղակի հարևանը կը դարձնէ իսկ Միացեալ Նահանգներու եւ եւրոպական երկիրներու համար, Իրաքը կեդրոնն է այն ընդարձակ քարիւղի պահեստին, որ կենսական կարեւորութիւն ունի բոլորին համար, տեղեկութիւններ կան Իրաքի «Ուրան»ի մասին, աւելին, անոնց համար Իրաքի քայքայուիլը Իսրայէլը աւելի ապահով կը դարձնէ:

Ինչպէ՞ս պիտի համաձայնին Իրաքի դէմ բոլոր այս երկիրները. հաւանաբար անոնք որդեգրեն «այս մասը ինծի, միւս մասն ալ քեզի» քաղաքականութիւնը:


-Մերձաւոր Արեւելքի խաղադաշտին մէջ մենք նաեւ կը նկատենք, որ Թուրքիան կը փորձէ մեծ հաշուով միջամտութիւններ ունենալ նոյնպէս Իրաքի մէջ, ի՞նչ է այս պայքարը եւ արդեօք քրտական գործօնէն զատ այլ շահերու հանդէպ հետաքրքրութիւններ կան Թուրքիոյ կողմէ Իրաքի հանդէպ. այս պատկերը ինչպէ՞ս կրնաք ամփոփել:

 

-Նորութիւն մը բերած պիտի չ՛ըլլանք, եթէ պարզենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան կ՛երազէ եւ կը ջանայ վերականգնել Թուրքիոյ Օսմանեան փառքի օրերը եւ Նոր Օսմանեան խալիֆաիութիւն հաստատելով ինք կը հռչակուի նոր խալիֆա։

Այսպիսով ան կ՛աշխատի ընդարձակել Թուրքիոյ տարածքները։ Սուրիոյ մէջ արդէն ժամանակէ մը ի վեր ան իր ներկայութիւնը ունի, մեծ տարածքներ գրաւած է եւ հոն կ՛իշխէ նոյնիսկ վարժարաններուն մէջ թրքերէն լեզուն ուսման լեզու դարձնելով։

Իրաքի պարագային, Թուրքիա մինչեւ այսօր Մուսուլը կը նկատէ իրմէ մասնիկ մը։ Թուրքիա նոյնպէս Քիւրտիստանն ալ կը համարէ Մուսուլի վիլայէթէն մասնիկ մը որովհետեւ այդպէս էր Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ։ Աւելին, Իրաքի մէջ մեծ թիւով թիւրքմէններ կան. անոնք երեք միլիոն են. Իրաքի թիւրքմէնները կը սերին Օղուզ Ղազական թուրք ցեղերէն եւ հաւատարիմ են թրքական ժառանգութեան և ինքնութեան։ Անոնք Իրաք բերուած են Օսմանեան կայսրութեան տարիներուն հոն ծառայելու համար: Անոնք կը բնակին յատկապէս Քիրքուք, Թալ Աֆհար, Էրպիլ, Թուզ Խուրմաթու, Գիֆրի, Ալթուն Քոբրի և Տաքուք քաղաքները, սերտ մշակութային ու լեզուական կապեր ունին Թուրքիոյ հետ: Այդպէսով Թուրքիոյ աչքը Իրաքի կէս տարածքին վրայ է:

Էրտողանի տիրապետութեան փորձը Միջերկրականի մէջ անյաջող էր, պատառը մեծ էր. Յունաստանը, Եգիպտոսը, Իսրայէլը, Կիպրոսը, Եւրոպական երկիրները, ԱՄՆը, բոլորն ալ հոն են:

Դեռ կայ Լիբանանի Թրիբոլին, Լիպիան, Քաթարը, Սուտանը, Սոմալիան եւ այլ երկիրներ։ Այս բոլոր երկիրներուն համար Թուրքիան «Ճիհատ»ի գաղփարաով կ՚առաջնորդուի։

 

 

-Մերձաւոր Արեւելքի մէջ կայ նաեւ արաբ-իսրայէլեան տագնապ, որ երկար տարիներու կենսագրութիւն ունի եւ մինչեւ հիմա չէ հանգուցալուծուած, հակառակ տարբեր թուլացումներուն: Այսօր Իսրայէլի դերը եւ ընդհանուր իրավիճակը ինչպէ՞ս կը գնահատէք:


- Կը թուի թէ կացութիւնը այդպէս պիտի շարունակուի. հարիւրաւոր միլիոններ պիտի յատկացուին Կազայի շինարարութեան համար, ո՞վ պիտի ստանայ, ինչպէ՞ս պիտի ծախսուին այդ գումարները Աստուած գիտէ. խեղճ պաղեստինցին իր զաւակը կորսնցուց, հատուցումը ղեկավարները կը ստանան։ Իսկ Իսրայէլի համար պաղեստինցները ժամանակ մը պիտի զբաղին աւերուած շէնքերը կառուցելով, եւ մինչ այդ անոնք նոր տարածքներ պիտի կրծեն:

 

-Այս բոլորէն անդին, հետաքրքրական ու հիմնարար է իմանալ ձեր կարծիքը Մերձաւոր Արեւելքի հանդէպ Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր քաղաքականութեան վերաբերեալ. ի՞նչ կը կարծէք, արդեօք նոր տեսակէտ մը ունի՞ կապուած Մերձաւոր Արեւելքի:

 

-Միացեալ Նահանգներու համար Մերձաւոր Արեւելքի երկիրները միշտ հակամարտութիւններու մէջ պէտք է մնան, որ միշտ տկար մնան: Զէնքի շուկայ պէտք է, արդիական զէնքերու կարիք կայ հոն, հակաօդային հրթիռներ, միջուկային զէնքերու դէմ պայքարի պատրաստութիւններ: Ո՞վ պիտի մատակարարէ այս բոլորը: Եթէ ​​Իրանն ու Սէուտեան Արաբիան լաւ հարեւաններ ըլլան եւ խաղաղ ապրին, ի՞նչ կարիք կայ այս բոլորին։ Իմ համեստ կարծիքով Մերձաւոր Արեւելքը  դեռ երկար  ժամանակով  հակամարտութիւններու  գօտի  պիտի   շարունակէ մնալ: 

 

-Եւ աւարտին ի՞նչ ապագայ ունի Մերձաւոր Արեւելքի հայութիւնը եւ առհասարակ մեզի համար կենսակա՞ն է, որոշի՞չ է, այսինքն կարեւո՞ր է նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հայութեան գոյութիւնը: Որովհետեւ յաճախ մենք կը լսենք տարբեր հարթակներէ, որ Մերձաւոր Արեւելքի հայութիւնը վերջացած է: 


- Մերձաւոր Արեւելքի հայութիւնը կայ եւ պիտի մնայ. առանց անոր արեւմտեան երկիրներու սփիւռքը երկար կեանք պիտի չունենայ։ Մերձաւոր Արեւելքի հայութիւնը վերջացած է ըսող հարթակները, իրենք է, որ դադրած են հայ ըլլալէ։ Այո, այս կամ այն պատճառով հայերը կը գաղթեն դէպի Եւրոպա եւ ԱՄՆ, բայց հոս դժուար է հայը հայ պահելը: Հայաստանը հայրենիք է, հոն հաստատուիլը ամենալաւ միջոցն է, սակայն ինչ պիտի ըլլայ անոր ապագան, երբ երեք միլիոն ժողովուրդ մը տասնեակներով կուսակցութիւններ եւ կազմակերպութիւններ ունի, որոնք կը ձգտին գահին տիրանալ...