(Լուսանկարը Թեհրանէն. Երկրի կրօնական համայնքներու ներկայացուցիչներ կը մասնակցին վերջին յարգանքի արարողութեան. անոնց մէջ երեւելի է Կիլիկեան աթոռի երկու թեմերու՝ Սպահանի եւ Ատրպատականի թեմերու առաջնորդները, մինչ Թեհրանի թեմի առաջնորդ, ինծի շատ սիրելի՝ Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, առողջական պատճառներով կը բացակայի)
Սագօ Արեան Լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝
Իրանի նախկին Գերագոյն առաջնորդ Ալի Խամենէիի թաղման արարողութիւնները սկսած են Թեհրանի մէջ՝ խիստ անվտանգային միջոցառումներու պայմաններուն տակ։ Սակայն ուշադրութիւն գրաւած է նոր Գերագոյն առաջնորդ Մոժթապա Խամենէիի բացակայութիւնը, որ ըստ իր ներկայացուցիչին՝ պայմանաւորուած է Իսրայէլի կողմէ հնչած սպառնալիքներով։
Հնդկաստանի մէջ Մոժթապա Խամենէիի ներկայացուցիչ Ապտուլ Մաժիտ Հաքիմ Իլահի յայտնած է, որ անվտանգութեան մարմինները խորհուրդ տուած են նոր առաջնորդին չերեւիլ հանրային արարողութիւններու ընթացքին։ Անոր համաձայն՝ նման ներկայութիւն մը կրնար լուրջ վտանգ ներկայացնել։
«Անոնք ըսին, որ ատիկա շատ վտանգաւոր է, եւ մենք չենք կրնար ապահովել անոր անվտանգութիւնը։ Կը կարծեմ, որ ան պիտի չերեւի», ըսած է Հաքիմ Իլահի։
Իմ հետեւորներուն յիշեցնեմ, որ օրեր առաջ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտարարած էր, թէ Մոժթապա Խամենէի «մահուան դատապարտուած է»։ Այս յայտարարութիւնը լուրջ հակազդեցութիւն յառաջացուցած էր Իրանի զինուորական եւ դիւանագիտական շրջանակներուն մէջ։
Մոժթապա Խամենէի նախապէս բացակայած էր նաեւ իր կնոջ՝ Զահրա Հատատ-Ատելի թաղման արարողութենէն։ Վերջինս զոհուած էր 28 Փետրուարին՝ Ալի Խամենէիի բնակավայրին դէմ կատարուած ամերիկա-իսրայէլեան հարուածին հետեւանքով։ Անոր յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած էր 1 Յուլիսին, Թեհրանի Ֆարհանկ միջնակարգ դպրոցին մէջ։