image

Եգիպտոսի մէջ սաստիկ տապ է. Զգուշացում բոլոր զբօսաշրջիկներուն

Եգիպտոսի մէջ սաստիկ տապ է. Զգուշացում բոլոր զբօսաշրջիկներուն

 

Եգիպտոսի իշխանութիւնները կը նախազգուշացնեն սաստիկ տապի մասին, Ղարտաքայի (Hurghada) մէջ ցերեկային ջերմաստիճանը շուք վայրերու մէջ կը հասնի 38 աստիճանի, իսկ Շարմ ալ Շէյխի մէջ՝ մինչեւ 40-ի: Այդ մասին կը հաղորդէ TourDom.ru-ն, կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը:

Հիւրանոցներուն մէջ հանգստացողներուն կը յիշեցնեն, որ բաց արեւի տակ երկարատեւ մնալը վտանգաւոր է: Եգիպտոսի ԶԼՄ-ներու տեղեկատուութեամբ, հիւանդանոցները պատրաստ են ընդունիլ արեւահարուած հիւանդները եւ պարտաւոր են անհրաժեշտ բժշկական օգնութիւն ցուցաբերել «հիւծութեան կամ ջերմային սթրեսի» որեւէ ախտանշանի պարագային: Սակայն, հակառակ ծայրայեղ եղանակին, հիւրերը կը շարունակեն մեկնիլ շրջապտոյտներու, այդ շարքին նաեւ՝ Լուքսոր: Մեծ տարածում ունին ծովային զբօսանքները:

Այժմ տարբեր երկիրներէ զբօսաշրջական խումբեր կը ժամանեն Եգիպտոս: Մասնաւորապէս, Ռուսաստանէն միայն կիրակի օր՝ 27 Յունիսին, Գահիրէի օդակայան ժամանած է 1600-է աւելի հանգստացող: