Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտարարած է, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը պէտք է պատրաստ ըլլայ առանձին պայքարելու Իրանի դէմ։
«Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի գլխաւոր շտաբը պէտք է պատրաստ ըլլայ, անհրաժեշտութեան պարագային, ինքնուրոյն հարուած հասցնելու Իրանին՝ որեւէ սպառնալիք վերացնելու համար»,– նշած է ան։