Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին հաստատած է լրատուամիջոցներու հաղորդագրութիւնները, որոնց համաձայն՝ ամերիկացի պաշտօնեաներու տուեալներով՝ Իսրայէլը, հնարաւոր է, փորձած է սպաննել իրանցի գլխաւոր բանակցողներէն՝ արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին կամ խորհրդարանի նախագահ Մոհամմատ Պաղեր Ղալիպաֆը, խափանելու համար Միացեալ Նահանգներու հետ հրադադարի շուրջ բանակցութիւնները, որոնք նախատեսուած էին անցընել Փաքիստանի մէջ։ Այս մասին կը հաղորդէ Euronews-ը։
Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմի ներկայացուցիչները կը կարծեն, որ Իսրայէլը կրնար ծրագիրներ մշակած ըլլալ Իրանի բանակցողներու, մասնաւորաբար արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչիի եւ Իրանի Մեճլիսի նախագահ Մոհամմատ Պաղեր Ղալիպաֆի սպանութեան համար։ Այս մասին կը հաղորդէ The New York Times օրաթերթը։
Ըստ թերթին՝ Ուաշինկթըն Իրանի հետ բանակցութիւններու մեկնարկին պարզած էր, որ առնուազն Ղալիպաֆը կը գտնուէր Իսրայէլի թիրախներու ցանկին մէջ, եւ իսրայէլեան իշխանութիւններուն խնդրած էր ձեռնպահ մնալ անոր դէմ մահափորձէ։ Հրատարակութեան համաձայն՝ Ուաշինկթընի այս կասկածները կը վկայեն, թէ որքան տարբեր եղած են Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի նպատակները Իրանի դէմ ռազմական գործողութիւններու մեկնարկէն ի վեր։