image

Վերաքննիչ դատարանը մերժած է Անդրանիկ Թեւանեանի նկատմամբ կիրառուած կալանքի դէմ բողոքը

Վերաքննիչ դատարանը մերժած է Անդրանիկ Թեւանեանի նկատմամբ կիրառուած կալանքի դէմ բողոքը

Վերաքննիչ քրէական դատարանը մերժած է «Մայր Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ, ԲՀԿ նախընտրական ցուցակի 2-րդ համար Անդրանիկ Թեւանեանի նկատմամբ կիրառուած կալանքի դէմ բողոքը։ Լուրը հրապարակուած է կուսակցութեան դիմատետրեան էջին։

«Թեւանեանի փաստաբանական թիմը բողոք էր ներկայացրել վերաքննիչ քրէական դատարան ընդդէմ առաջին ատեանի դատարանի կողմից կիրառուած երկամսեայ կալանքի որոշման, որը վերաքննիչ քրէական դատարանի կողմից մերժուել է։ Նշուած որոշման դէմ բողոք է ներկայացուելու վճռաբեկ դատարան»,– ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Թեւանեանի փաստաբան Արամ Օրբէլեանը Sputnik Արմենիայի հետ զրոյցին նշած է, որ ՀՀ վերաքննիչ դատարանն իրենց բողոքը մերժած է` նշելով, որ առաջին ատեանի որոշումը հիմնաւոր է, ու ոչ մէկ այլ բան չէ աւելցուցած։

«Մենք համաձայն չենք որոշման հետ, բողոքարկելու ենք։ Դատարանը չի անդրադարձել հիմնաւոր կասկածի վերաբերեալ մեր փաստարկներին`տալով ստանդարտ ձեւակերպում, թէ այս փուլում անհրաժեշտ չէ այն ապացուցել։ Մինչդեռ հակառակը՝ մենք ասում էինք, որ քրէական վարոյթում ներառուած նիւթերը յանցագործութեան մասին չեն խօսում, եւ որեւէ հիմնաւոր կասկած ապացուցելու կարիք էլ չկայ»,- ընդգծած է փաստաբանը։

Օրբէլեանի խօսքով` միաժամանակ դատարանը վերահաստատած է`եթէ Թեւանեանն ազատութեան մէջ ըլլայ, անոր կողմէ թաքնուելու ռիսք չկայ, սակայն խոչընդոտելու եւ նոր յանցագործութիւն ընելու ռիսք կայ։