image

Պլինքըն Վիեննայի բանակցութիւններուն մասին ուշագրաւ յայտարարութիւն կատարած է

Պլինքըն Վիեննայի բանակցութիւններուն մասին ուշագրաւ  յայտարարութիւն կատարած է

ԱՄՆ-ը եւ Իրանը Միջուկային համաձայնագրի շուրջ Վիեննայի մէջ ընթացող բանակցութիւններուն առկայ տարաձայնութիւններու մէկ մասը միայն հարթած են, անոնց ամբողջական վերացումը կախուած է Թեհրանէն, ТАСС-ի հաղորդմամբ՝ յայտարարած է ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընը:

«Մենք Իրանի հետ բանակցութիւններու վեց փուլ ունեցած ենք արդէն՝ ոչ ուղիղ՝ մեր եւրոպացի գործընկերներու միջնորդաւորուած օգնութեամբ: Շատ տարաձայնութիւններ հարթած ենք, որոնք կը վերաբերէին այն հարցին, թէ ինչպէս վերադառնալ միջուկային գործարքին, բայց բոլոր խնդիրները չէ, որ կարգաւորուած են: Բացի այդ, կը պահպանուին շարք մը էական տարաձայնութիւններ: Եւ այդ տարաձայնութիւնները յաղթահարելու յաջողութիւնը գերազանցապէս կախուած է Թեհրանի մէջ երկրի գերագոյն առաջնորդի կայացուցած որոշումներէն»,-ըսած է Պլինքընը:

ԱՄՆ պետական քարտուղարի խօսքով՝ եթէ Թեհրանը պատրաստ է ընել այն, ինչ անհրաժեշտ է միջուկային համաձայնագրին վերադառնալու համար, իրենք ատոր պատրաստ են: