image
Հրատապ լուրեր:

Երկրաշարժէն ասդին Վենեզուելայի երկինքը կարմիրով ներկուած է

Երկրաշարժէն ասդին Վենեզուելայի երկինքը կարմիրով ներկուած է

Քարաքասի եւ Վենեսուելայի երկինքը երկրաշարժէն ետք կարմիր գոյն ստացած է։ Այս մասին կը հաղորդէ VTV հեռուստաալիքը։

«Երկրաշարժէն ետք դիտուող կարմիր երկինքը օպտիկական (երեւոյթ մը, որ կը տեսնենք լոյսի, գոյնի կամ տեսողութեան ազդեցութեամբ - Խմբ.) եւ օդերեւութաբանական երեւոյթ է, որ պայմանաւորուած է օդին մէջ մասնիկներու բարձր խտութեամբ, որ յայտնի է Ռելէյի ցրում անունով (լոյսի ցրումը օդի շատ մանր մասնիկներու վրայ, որ կը փոխէ երկնքի գոյնը-Խմբ.)»,– նշուած է հաղորդման մէջ։

Հեռուստաալիքի տուեալներով՝ երկրաշարժային աշխուժութենէն ետք մթնոլորտ թափանցած են փոշի, աւազ եւ լեռնային ապարներու մանր մասնիկներ։ Անոնք փոխած են արեգակնային լոյսի անցումը, որու պատճառով հորիզոնին վրայ սկսած են գերիշխել կարմիր եւ նարնջագոյն երանգները։

Ինչպէս նշած է VTV-ն, այս ազդեցութիւնը կրնայ աւելի ուժեղ ըլլալ ուժեղ քամիներու կամ մթնոլորտի մէջ փոշիի զանգուածներու առկայութեան պարագային, այդ շարքին՝ Սահարայէն բերուած փոշիի պատճառով։ Այդ պատճառով երկինքի արտասովոր գոյնը երբեմն սխալմամբ կը մեկնաբանուի որպէս նոր բնական երեւոյթներու նախանշան, թէեւ անիկա կը բացատրուի մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցող ֆիզիքական գործընթացներով։

 

Յիշեցնենք, որ Վենեսուելայի մէջ երկրաշարժը տեղի ունեցած է Յունիս 24-ին։ Կեդրոնական գօտին գտնուած է Վալենսիա քաղաքէն 60 քմ հիւսիս-արեւմուտք, ինչպէս նաեւ Սան Ֆելիպէէն 28 քմ հիւսիս-արեւելք։ Բնական աղէտին ուժգնութիւնը հասած է 7,5-ի։ Երկրաշարժը դարձած է երկրի ամենաուժեղը 1900 թուականէն ի վեր։ Վերջին տուեալներով՝ զոհուած է 1,943 մարդ, վիրաւորուած՝ աւելի քան 10,5 հազար։