image

Կոտայքի մէջ եւս երաշտի վտանգը երեւելի է

Կոտայքի մէջ եւս երաշտի վտանգը երեւելի է

 

Երաշտի հետեւանքով Կոտայքի մարզի մէջ գարնանացան հացահատիկային, հատիկաընդեղէն եւ կերային մշակաբոյսերը յայտնուած են ոչնչացման եզրին։ Մարզի Ֆանտան, Քաղսի, Սոլակ, Ալափարս եւ այլ համայնքներու դաշտերուն մէջ մէկուկէս ամիս է անձրեւ չէ տեղացած, որու պատճառով հողը ճաքած է, իսկ մշակաբոյսերը չորցեած են։
 NEWS.am–ին դիմած գիւղացիները յայտնած են, որ միլիոնաւոր դրամներու գիւղատնտեսական վարկեր վերցուցած են եւ արդէն իսկ կանգնած են լուրջ փաստի առջեւ։ Թէեւ «Գիւղատնտեսութեան ոլորտին տրամադրուած վարկերու տոկոսադրոյքներու սուբսիդաւորում» ծրագրի շրջածիրէն ներս տրամադրուած վարկերը հիմնական առանց տոկոսի են, սակայն գիւղացիները նշած են, որ երաշտի պայմաններուն մէջ իրենք հնարաւորութիւն պիտի չունենան փակելու նոյնիսկ վարկերու մայր գումարները, իսկ ապահովագրական ընկերութիւնները երաշտի պարագային կրած վնասի համար գիւղացիին փոխհատուցում չեն տրամադրեր։ Գիւղացիները յոյս ունին, որ կառավարութիւնը պիտի զբաղի խնդրով եւ գոնէ որոշ ժամանակով կը հետաձգէ վարկերու մարումը։

 

Յիշեցնենք, որ երաշտի եւ ոռոգման հետ կապուած խնդիրներ կան նաեւ Շիրակի, Արարատի, Արմաւիրի եւ Գեղարքունիքի մարզերուն մէջ։