image

Վրաց վարչապետը նոր կուսակցութիւն հիմնած է

Վրաց վարչապետը նոր կուսակցութիւն հիմնած է

Թիֆլիսի «Էքսփօ Ճորճիա» ցուցահանդէսային կեդրոնի շէնքէն ներս տեղի ունեցած է Վրաստանի նախկին վարչապետ՝ Կիորկի Կախարիայի քաղաքական միութեան՝ «Յանուն Վրաստանի» կուսակցութեան շնորհանդէսը: Այս մասին գրած է Georgia Online կայքը:

«Յանուն Վրաստանի» քաղաքական միութեան նախագահը եղած է Կիորկի Կախարիան: Նորաստեղծ կուսակցութեան անդամները համապատասխան որոշում կայացուցած են միութեան նիստին՝ սատարելով Կիորկի Կախարիայի թեկնածութեան:

Կուսակցութեան ժողովին հաստատուած է նաեւ կուսակցութեան կանոնադրութիւնը:

Յիշեցնենք, որ Վրաստանի վարչապետ՝ Կիորկի Կախարիան լքած է իր պաշտօնը 18 փետրուարին: Ինչպէս բացատրած է Կախարիան, ան անհիմն համարած է «Միացեալ ազգային շարժում» կուսակցութեան նախագահի՝ Նիքա Մելիայի ձերբակալութիւնը  այն պայմաններուն, երբ առկայ էր քաղաքական սրացման սպառնալիք: Ըստ Կախարիային, պաշտօնանկութեան պատճառ հանդիսացած է նաեւ այն փաստը, որ ան չէ կրցած այս հարցով պայմանաւորուիլ խումբին հետ: