Գանատական Blog to կայքը անդրադարձած է վերջերս Թորոնթոյի մէջ բացուած «Լաւաշ» անունը կրող հայկական ճաշարանին։

Աղբիւրը նշած է թէ «Լաւաշ» ճաշարանը կը մատուցէ հայկական եւ միջինարեւելեան ճաշեր, ներառեալ տաք եւ պաղ նախուտեստներ, խորտիկներ, խորոված եւ այլ հայկական աւանդական ուտելիքներ, ինչպէս Մանթի:
Ըստ աղբիւրին՝ «Լաւաշ» ճաշարանի վայրը նախապէս եղած է բնակար, ապա քանի մը անգամ վերածուած է տարբեր ոճի ճաշարաններու: Սակայն անոր ներկայ սեփականատէրերը մտերիմ ընկերներ՝ Շանթ Ղազարեանն ու Արմէն Ժաքժաքեանը, զայն ձեւաւորած են իմաստալից բովանդակութեամբ:

Պատին՝ ցուցանակին վրայ դրուած է յատուկ պատուէրով պատրաստուած հայկական այբուբենը եռագոյն դրօշակներով: Իսկ առաստաղը կ'արտայայտէ երեք տարբեր մշակոյթի խորհրդանիշներ, անոնց կարգին՝ Հայաստանը խորհրդանշող պտուղներ ինչպէս նուռը:

Աղբիւրը նշած է թէ Ճաշացանկը կատարեալ է իր ներկայացուցած տարբեր համային տեսականիով: Մուհամարրան հետաքրքրականօրէն զուգորդուած է Համմոսին հետ, որ Մերձաւոր Արեւելքի նշանաւոր ու հիմնական նախուտեստներէն է:

Ան կը պատրաստուի կարմիր պղպեղով եւ նուռի ջրով եւ իր անունը ստացած է արաբերէն «ահմար» բառէն, որ կը նշանակէ կարմիր:

Իսկ Ֆաթթուշը, որ կը նկատուի Մերձաւոր Արեւելքի ամէնէն սիրուած աղցանը, յատուկ համեմունքներով, զարդարուած պանիրով ու մանաւանդ նուռով, ունի իր ինքնուրոյն համը:

Մանթին, հաւանաբար, ընտրացանկին ամենանշանաւոր հայկական ճաշատեսակն է: Շատ փոքր՝ կափարիչի նման խմորներ, հատ առ հատ ձեռքով կը լեցուին աղացած միսով, ճաշ մը, որու պատրաստութիւնը բաւական երկար ժամանակ կը պահանջէ:

Չորնալու աստիճան եփուած այդ միսով լեցուն խմորի գնդիկները, ծածկուած լոլիկի ջուրի մածուկով, մածունի խառնուրդով եւ շաղ տրուած աղտորով (սումախ), կը պարգեւեն այնպիսի հետաքրքիր համ իւրաքանչիւր պատառի հետ: Իսկ յարմարելու համար ժամանակակից բուսակերներուն, կը մատուցուի նաեւ բուսական Մանթին, միսի փոխարէն լեցուած սունկով։

Կոլոլակը՝ «Քիւֆթա կամ Քըպպէ» նաեւ ժամանակ պահանջող ճաշատեսակ մըն է: Նախ պատեանին համար կը շաղուի միսն ու ձաւարը, ապա տաւարի միսէ եւ ընկոյզներէ բաղկացած խճողակը հատիկ առ հատիկ կը լեցուի պատեանին մէջ, այնուհետեւ ձեռքով կը գլորուի ու կը ձեւաւորուի ամերիկեան ոտնագնդակի տեսքով:

Աղբիւրը նաեւ անդրադարձած է Ճաշացանկին մէջ ընդգրկուած խորովածներու տեսականիին, հաւով «Շիշ Թաւուք»ին: Այստեղ ամբողջ միսը 100 տոկոսով «հալալ» է, եւ շամփուրով միսը դանդաղօրէն կ'եփի խեցեգործական (սերամիք) փոքր քարերու վրայ, խորովածի համը տալու համար:

Ճաշարանը կը մատուցէ նաեւ «Սամսակ»ը, շատ սիրուած ու պահանջուած ճաշատեսակ մը, որ պատրաստուած է տնական կարագով թխուած կլոր խմորէ, ծեփուած հայկական համեմունքներով ու միսով։

Իսկ Լաւաշ հացը, հայաստանեան ծագում ունեցող այդ բարակ ու հարթ հացը, եւ որու անունով ալ կոչուած է ճաշարանը կը մատուցուի բոլոր տեսակի խորովածներուն, ինչպէս նաեւ այլ ճաշատեսակներու կողքին:

«Լաւաշ» ճաշարանը գտնուելով Սքարպորոյի Այգի Վիքթորիա պողոտային վրայ, հայկական եկեղեցւոյ, հայկական դպրոցի եւ հայ համայնքի կեդրոնի մօտակայքը,կարծես կ'ամբողջացնէ միջինարեւելեան ոգիով ողողուած այդ շրջանի համընդհանուր պատկերը:


Ճաշարանի սեփականատէրերէն՝ Շանթ Ղազարեան իր տիկնոջ՝ Ալինին եւ դստեր ՝ Դուինին հետ