image

ՔՊ-ն նախընտրական արշաւի ընթացքին համակարգուած կերպով կը ներգրաւէ երեխաները. Ընտրութիւններու վերահսկման կոմիտէ

ՔՊ-ն նախընտրական արշաւի ընթացքին համակարգուած կերպով կը ներգրաւէ երեխաները. Ընտրութիւններու վերահսկման կոմիտէ

 

Ընտրութիւններու վերահսկման կոմիտէի դիտարկումները ցոյց կու տան, որ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնն իր նախընտրական քարոզչութեան համակարգուած ձեւով կը ներգրաւէ երեխաներ։
Մենք այդ գործընթացը կը համարենք երեխաներու իրաւունքներուն հակասող ու հակաիրաւական եւ խնդրին կը հրաւիրենք ինչպէս իրաւասու պետական ու հասարակական, այնպէս ալ միջազգային կառոյցներու ուշադրութիւնը։

Երեխաներու իրաւունքները երաշխաւորող միջազգային փաստաթուղթերը կը կարեւորեն քաղաքական բովանդակութիւն ունեցող գործընթացներուն երեխայի մասնակցութեան «տեղեկացուած ըլլալու» սկզբունքը։ Այն կ'ենթադրէ, որ երեխան, մասնաւորապէս, կը գիտակցի (1) որոշակի գործընթացներուն իր մասնակցութեան նպատակը, (2) որուն կողմէ կայացուած է իր մասնակցութեան վերաբերեալ որոշումը եւ ինչու, (3) իր դերակատարութիւնը բովանդակային, այլ ոչ թէ ձեւական առումով: Նոյն միջազգային փաստաթուղթերն անընդունելի կը համարեն երեխաներու՝ որոշակի գործընթացներուն մասնակցութեան այնպիսի դրսեւորումներ, երբ երեխան մասնակից կը դառնայ գործընթացի մը, որու էութիւնն ու նպատակը չի գիտակցիր, կամ երբ երեխաները մեծահասակներու կողմէ կը ներգրաւուին ոչ թէ այն պատճառով, որ խնդիրը կ'առնչուի անոնց շահերուն, այլ այդպիսով կ'ապահովուի խնդրի ցուցադրականութիւնը։