Ռուսիոյ զինուած ուժերը ամբողջութեամբ ազատագրած են Քոնսթանթինովքան, յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի խօսնակ Տմիթրի Պեսքովը։
Փութին երէկ այցելած է զօրքերու միացեալ խմբաւորման օժանդակ հրամանատարական կէտերէն մէկը։ Ան նշած է, որ մարտադաշտին մէջ ռազմավարական նախաձեռնութիւնը ամբողջութեամբ կը պատկանի Ռուսիոյ զինուած ուժերուն։
Փեսքովի խօսքով՝ զօրքերու հրամանատարներու կողմէ Փութինին զեկուցումներու ժամանակ նշուած է ողջ ռազմաճակատի երկայնքով ռուսական յարձակման դրական ընթացքը։
Փութինը յայտարարած է, որ որքան շատ Ուքրանիոյ զինուած ուժերը յարձակին ենթակառուցուածքներու վրայ, այնքան աւելի մեծ անվտանգութեան գօտի պէտք է ստեղծէ Ռուսիան։