image

«Մեր նպատակն է պահպանել հայկական սրբավայրերը»Թիֆլիսի մէջ մոմավառութիւն

«Մեր  նպատակն է  պահպանել  հայկական սրբավայրերը»Թիֆլիսի  մէջ մոմավառութիւն

«Պահպանենք Թիֆլիսի հայկական պատմա-մշակութային ժառանգութիւնը» նախաձեռնութիւնը, 14 հոկտեմբերի 2018-ին, Թիֆլիսի մէջ հայկական պատմա-մշակութային ժառանգութիւնը պահպանելու պահանջով բողոքի ցոյց կազմակերպած է։ 

Այս մասին Tert.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ տեղեկացուցած է Վիրահայոց Թեմի ներկայացուցիչ Սուսաննա Խաչատրեանը։ Անոր խօսքով՝ սա խաղաղ գործողութիւն է Թիֆլիսի մէջ հայկական ժառանգութեան նկատմամբ համապատասխան մարմիններու կողմէ դրսեւորած անփոյթ եւ անտարբեր վերաբերմունքի դէմ, ինչպէս նաեւ պատկան կառոյցներու ուշադրութիւնը հրաւիրելու կոչ է։

«Շամխորեցոց Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցին է, որ 1989-ին Վրաստանի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժէն ետք վերածուած է փլատակներու, պահպանուած է միայն արեւելեան մասը եւ յարակից մի քանի պատեր։ Ցաւօք սրտի, Վրաստանի իշխանութիւններուն կողմէն կը տրուին անօրէն թոյլտուութիւններ՝ այնտեղ շինարարութիւն ընելու հետ կապուած։ Շինարարութիւնը վնաս կը հասցնէ եկեղեցիին ու տեղի բնակչութեան։ 

Մեր նպատակը այն է, որ պահպանուի պատմամշակութային յուշարձանը, եւ Թիֆլիսի մէջ հայկական հետքը չվերանայ»,- նշած է ան։ Խաչատրեանը պատմած է, որ ծխականներիու, քահանաներու ղեկավարութեամբ շարժած են դէպի Շամխորեցոց վանք։ Քահանաները աղօթք կարդացած են, իսկ ծխականները մոմավառութիւն ըրած եւ հեռացած։ 

Ան շեշտած է, որ իրենք քանի մը անգամ դիմած են Վրաստանի համապատասխան մարմիններուն՝ յուշարձանի պահպանութեան համար, սակայն հարցը որեւէ լուծում չէ ստացած:


Սուսաննա Խաչատրեանը վստահեցուցած է՝ իրենք պիտի չլռեն եւ պարբերաբար տարբեր միջոցներով պիտի բարձրաձայնեն խնդիրը, որպէսզի պահպանեն մշակութային ժառանգութիւնը, քանի որ Շամխորեցոց Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին միակը չէ, որ անմխիթար վիճակի մէջ է։ 

Հարցին՝ խնդիրը փորձա՞ծ էք բարձրացնել նաեւ ՀՀ-ի մէջ, որպէսզի միջպետական մակարդակով բարձրացուի հայկական յուշարձաններու պահպանութեան խնդիրը, Սուսաննա Խաչատրեանը պատասխանած է․ «Սա շատ երկար պատմութիւն ունեցող թեմայ է, քանի որ պարբերաբար ե՛ւ նախագահի, ե՛ւ վարչապետներու՝ ներկայիս ու նախկին, մակարդակով, ե՛ւ կաթողիկոսի մակարդակով հարցը կը բարձրացուի, որովհետեւ Թիֆլիսի վիրահայոց համայնքն ու թեմը պահանջներ կը ներկայացնեն արդէն 6-7 եկեղեցիներու նկատմամբ, բայց դեռ հարցը լուծում չէ ստացած»,- ընդգծա է Սուսաննա Խաչատրեանը։

Վերջինս պատմած է, որ 19-րդ դարու առաջին կէսին Շամքորեցոց Սբ. Աստուածածին եկեղեցին կառուցուած է Գանձակէն Թիֆլիս տեղափոխուած շամխորցիներու կողմէն սեփական միջոցներով: Եկեղեցին գործած է մինչեւ խորհրդային կարգերու հաստատումը, ունեցած է իր ծխական դպրոցը, կալուածները:

Խորհրդային տարիներուն եկեղեցւոյ շէնքը գործածուած է տարբեր նպատակներով, վերածուած է հացի գործարանի, ապա պահեստի, ծառայած է որպէս վրաց նկարիչներու արուեստանոց: 1989 թուականին եկեղեցին փլուզուած է երկրաշարժի հետեւանքով: 1999 թուականի դրութեամբ կանգուն վիճակի մէջ եկեղեցիէն պահպանուած է միայն արեւելեան ճակատը  եւ անոր յարող որոշ հատուածներ: Վիրահայոց թեմը Շամքորեցոց եկեղեցին թեմին վերադարձնելու կամ եկեղեցին պահպանելու հարցով բազմիցս դիմած է է Վրաստանի իշխանութեան: