image

Ատրպէյճան հայկական սահմանին մերձ նոր զօրամաս հիմնած է

Ատրպէյճան հայկական սահմանին մերձ նոր զօրամաս հիմնած է

24 Յունիսին Լեռնային Ղարաբաղի՝ Հայաստանի հետ սահմանին գտնուող եւ 44-օրեայ պատերազմէն ետք Պաքուի վերահսկողութեան տակ անցած Որոտանի (Քուպաթլու) շրջանի տարածքին մէջ Ատրպէյճանը նոր զօրամաս հիմնած է: Այս մասին կը հաղորդէ minval.az-ը:

Ատրպէյճանի Պետական սահմանապահ ծառայութեան պետ, զօրավար-գնդապետ Էլչին Կուլիեւը շնորհաւորած է անձնակազմը: Արարողութենէն ետք ստուգուած են զօրամասերու եւ ստորաբաժանումներու մարտական պատրաստութեան հետագայ բարձրացման եւ անձնակազմի անվտանգութեան ապահովման աշխատանքները: 

Յիշեցնենք, որ 9 Նոյեմբերին Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու տեղակայման շուրջ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած են, ստորագրուած է յայտարարութիւն, որուն համաձայն Ատրպէյճանին կ'անցնին Արցախի եօթ շրջանները, Շուշին ու Հադրութը` բացառութեամբ մէկ գիւղի, գիւղեր Ասկերանի ու Մարտունիի շրջանէն, ինչպէս նաեւ Մարտակերտի շրջանի Թալիշ եւ Մատաղիս գիւղերը։