Ատրպէյճան կը շարունակէ թիրախաւորել հայկական գիւղերը:
Ինչպէս կը հաղորդէ պաշտպանը, Գեղարքունիքի մարզի Վարդենիս համայնքի բնակիչ, Վերին Շորժա գիւղի արօտավայրի սարատեղիի հովիւը արթնցած է կենդանիներու ուղղութեամմբ ատրպէյճանցիներու արձակած կրակոցի ձայնէն:
Հովիւը շտապելով կենդանիներու մօտ, տեսած է, որ ատրպէյճանցի 9 զինծառայող կովն ու հորթը կը քշեն դէպի իրենց դիրքերը:
Միւս հովիւներու օգնութեամբ փորձած են վերադարձնել կենդանիները, սակայն ատրպէյճանցի զինուորները սկսած են կրակել կենդանիներու ուղղութեամբ եւ վնասելով կովի ոտքը` թոյլ չեն տուած, որ հասնին հովիւներուն: Անոնք կրակած են նաեւ հովիւներու ուղղութեամբ:
Աւելի ուշ, գողութենէն 4 ժամ անց, հովիւները տեսած են, որ ատրպէյճանցիները իրենց դիրքերուն մէջ կը մորթեն վիրաւորուած կովը:
«Յանցագործութեան այս դէպքը եւս մեկ անգամ հաստատում է, որ ՀՀ բնակչութեան իրաւունքներու պաշտպանութիւնը ատրպէյճանական զինուած ուժերու յանցաւոր արարքներից բացարձակ հրատապութեամբ պահանջում է անվտանգութեան գօտու առկայութիւն»-գրուած է պաշտպանի տարածած հաղորդագրութեան մէջ: