image
Հրատապ լուրեր:

Անքորիճի մէջ պայմանաւորուածութիւններ չեն եղեած բայց քննարկուած են հակամարտութեան լուծման հնարաւորութիւնները. Փութին

Անքորիճի մէջ պայմանաւորուածութիւններ չեն եղեած բայց քննարկուած են հակամարտութեան լուծման հնարաւորութիւնները. Փութին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ 2025-ի Օգոստոսին Ալասքայի Անքորիճ քաղաքին մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ ունեցած բանակցութիւններու ընթացքին  պայմանաւորուածութիւններ չեն եղած, փաստաթուղթեր չեն ստորագրուած, սակայն քննարկուած են փոխզիջումներ եւ առաջարկներ՝ ուղղուած ռուս-ուքրանական հակամարտութեան լուծման։ Այս մասին ան ըսած է «Վեսթի» լրատուական ծառայութեան թղթակից Փաւել Զարուպինի հետ հարցազրոյցի ընթացքին։

Ռուս պաշտօնեաները, ռուս-ուքրանական հակամարտութեան կարգաւորման մասին խօսելու ատեն, յաճախ կը յիշատակեն «Անքորիճի ոգի»-ն։ Փաւել Զարուպինի հետ հարցազրոյցին Վլատիմիր Փութին փորձած է բացատրել, թէ ինչ կը նշանակէ այդ արտայայտութիւնը։

«Անքորիճի մէջ իսկապէս որեւէ պայմանաւորուածութիւն չէ եղած։ «Անքորիճի ոգի»-ն, թէեւ չէ ամրագրուած որեւէ պաշտօնական փաստաթուղթով, ոչ ոք ստորագրութիւն դրած է, սակայն Անքորիճի մէջ մենք քննարկած ենք որոշ հնարաւորութիւններ՝ ուղղուած Ուքրանիոյ մէջ ճգնաժամին աւարտին։ Եւ քննարկուած փոխզիջումները այն առաջարկներն էին, որոնք ամերիկեան կողմը մեզ ներկայացուցած էր։ Մեզմէ խնդրած էին ընդունիլ ամերիկացի բանակցողներուն կողմէ ձեւակերպուած փոխզիջումները։ Մենք մտածեցինք այդ մասին եւ, ոչ անմիջապէս, սակայն վերջապէս եկանք Անքորըճ եւ ըսինք, որ համաձայն ենք»,– ըսած է Փութին՝ աւելցնելով, որ Մոսկուան ամերիկեան կողմէն այլ դիրքորոշում չէ լսած։

Յունիս 25-ին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն եւս յայտարարած էր, որ Ալասքայի մէջ երկու նախագահներու հանդիպման ժամանակ առաջարկներ ներկայացուած էին, սակայն որեւէ համաձայնութիւն ձեռք չէր բերուած։

Ռուսիոյ նախագահը նաեւ աւելցուցած է, որ Քրեմլին կը սպասէ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ներկայացուցիչներ Սթիւ Ուիթքոֆի եւ Ճարետ Քուշների Մոսկուա ժամանումին՝ ռուս-ուքրանական կարգաւորման շուրջ երկխօսութիւնը շարունակելու նպատակով։

 

Ան նաեւ նշած է, որ եթէ հարցը հասնի ռուս-ուքրանական ուղղակի բանակցութիւններու, ապա հանդիպման հաւանական վայրը կրնայ ըլլալ Մինսքը։