image

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ մեկնարկած է Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի Ժողովը (լուսանկարներ)

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ մեկնարկած է Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի Ժողովը (լուսանկարներ)

Փետրուար 20-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովը՝ ընդլայնուած կազմով: Այս մասին կը հաղորդեն Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն։

Ժողովը բացուեցաւ Տէրունական աղօթքով, ապա Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը իր օրհնութեան ու գնահատանքի խօսքը ուղղեց Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի հոգեւորական եւ աշխարհական անդամներուն: Վեհափառ Հայրապետը հայցեց Երկնաւոր Տիրոջը՝ արդիւնաւորելու ժողովականներուն ջանքերը, որպէսզի կարենան Սուրբ Հոգիի առաջնորդութեամբ օգտակար որոշումներ կայացնել ներկայացուած հարցերուն վերաբերեալ` նպաստելով Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ առաքելութեան:

Օրակարգին ընդգրկուած են համազգային եւ ներեկեղեցական շարք մը հարցեր: Մասնաւորաբար, պիտի քննարկուին Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան առնչուող խնդիրներ, Հայ Եկեղեցւոյ կառավարման արդիւնաւէտութեան, Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան եւ մայիսեան հերոսամարտերու 100-րդ տարեդարձի տօնախմբման, երիտասարդներու մէջ քարոզչական առաքելութեան զօրացման մասին նիւթեր: Քառօրեայ ժողովին պիտի ներկայացուի նաեւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի ու թեմերու 2017-ի գործունէութեան տեղեկագիրը: