image

Երեւանի մէջ 1 տարեկան փոքրիկ մը մահացած է

Երեւանի մէջ 1 տարեկան փոքրիկ մը մահացած է

Յուլիս 13-ին «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» բժշկական կեդրոն տեղափոխուած է մէկ տարեկան երեխայ՝ բազմակի վնասուածքներով եւ սիրտի կանգով:

Բժշկական կեդրոնի վերակենդանացման խումբի եւ համապատասխան մասնագէտներու կողմէ անմիջապէս իրականացուած են անհրաժեշտ բոլոր համալիր վերակենդանացման միջոցառումները։

Ցաւօք, վնասուածքներու ծանրութեան պատճառով երեխայի սիրտի գործունէութիւնը վերականգնել չեն յաջողած, եւ արձանագրուած է կենսաբանական մահ։