image

Երեւանի Արաբկիր շրջանին մէջ վէճ եւ կրակոց

Երեւանի  Արաբկիր շրջանին մէջ վէճ եւ կրակոց

Յուլիս 12-ին, կրակոցներ հնչած են Երեւանի մէջ։ Ժամը 19։20-ի սահմաններուն ՀՀ ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան համայնքային ոստիկանութեան գլխաւոր վարչութեան Արաբկիրի բաժին եւ քրէական ոստիկանութեան գլխաւոր վարչութեան Երեւան քաղաքի վարչութիւն միաժամանակ տեղեկութիւններ ստացուած են, որ Վաղարշեան փողոցի 24/6 շէնքի բակային հատուածին մէջ միջադէպ տեղի ունեցած է, որու ժամանակ հնչած են կրակոցներ եւ կան վիրաւորներ։

Shamshyan.com-ի տեղեկութիւններով, դէպքի վայր ժամանած  շտապօգնութեան բժիշկները 2 հոգիի բուժօգնութիւն ցուցաբերած են, ապա տեղափոխած Երեւանի տարբեր մասնագիտացուած հիւանդանոցներ։

Դէպքի վայրին մէջ յայտնաբերուած են կրակուած պարկուճներ, գնդակ, վնասուած մեքենաներ, մէկ այլ մեքենայի վրայ ալ առկայ է կրակոցի հետք, իսկ մէկ այլ մքենայի վրայ՝ արնանման հետքեր, յայտնաբերուած է նաեւ կացինի պոչ, որու վրայ նոյնպէս կայ արնանման հետքեր, գլխարկներ, հողաթափեր, որոնց վրայ նոյնպէս առկայ են արնանման հետքեր։

Դէպքի փաստով նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ։