«Վերջին տարիներուն Հարաւային Կովկասն արմատապէս փոխուած է, առաջացած են ուժային նոր կեդրոններ»,- յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը յուլիս 13-ին Շուշիի մէջ կայացող չորրորդ Համաշխարհային համաժողովի ժամանակ։
Ալիեւի խօսքով՝ արտաքին դերակատարներու համար տարածաշրջանին մէջ յարաբերութիւններու հաստատումը բարդ խնդիր է, քանի որ Հարաւային Կովկասը ո՛չ քաղաքականապէս, ո՛չ տնտեսապէս, ո՛չ ալ հաղորդակցակցութիւններու առումով միասնական տարածք է։
«Մենք դեռ [այդ] գործընթացի սկզբնական փուլին մէջ ենք»,-ըսած է Ալիեւը՝ միջազգային դերակատարներուն առաջարկելով զարգացնել յարաբերութիւնները առանձին երկիրներու հետ։
«Տարածաշրջանին մէջ համագործակցութիւն փնտռող երկիրները Հարաւային Կովկասի ամէն մէկ երկրի հետ առանձին եւ հաւսարակշռուած պէտք է համագործակցին։ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կարգաւորման գորընթացի աւարտէն, հաղորդակցութիւններու՝ Զանգեզուրի միջանցքի բացումէն ետք տարածաշրջանը [Հարաւային Կովկասը] պատրաստ պիտի ըլլայ եռակողմ համագործակցութեան ձեւաչափի, որով պատկերը լիովին պիտի փոխուի։ Սակայն մենք դեռ այդ փուլին մէջ չենք»,-ըսած է Ալիեւը։
Ալիեւն արտաքին դերակատարներուն հնարաւոր սխալներէն խուսափելու համար խորհուրդ տուած է հաշուի առնել երկիրներու տնտեսական, քաղաքական, ռազմական եւ ժողովրդագրական պատկերը։
«Արեւմուտքի՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւննուն մէջ միկաողմանի մօտեցումը մեր քով հարցեր կ՚առաջացնեն։ Հայաստանը չունենալով կապուղիներու հարցով տարանցիկութեան փորձ, սկսած էր համարուիլ տարածաշրջանային հիմնական հաղորդակցութեան կեդրոն։ Սա քաղաքանապէս բացայայտ անհաւասարակշռութիւն էր, նման մօտեցումէն բոլորը պէտք է հրաժարին»,-ըսած է Ատրպէյճանի նախագահը։
Ան անդրադարձած է 3+3 անուանումով վեց երկիրներէ բաղկացած տարածշրջանային համագործակցութեան՝ նշելով Պաքուի մօտեցումներու փոփոխութեան մասին։
«Զարգացումներու փոփոխութեան եւ տարածաշրջանէն դուրս պետութիւններու յարաբերութիւններու փոփոխութեամբ՝ մեր վերաբերմունքը նոյնպէս փոխուած է։ Պէտք է գործէ յստակ օրակարգով հնգակողմ կամ վեցակողմ լիարժէք հարթակ, որ պիտի զբաղի ոչ թէ Հայաստան-Ատրպէյճան խնդիրներով՝ նմանելով ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին, այլ պիտի քննարկէ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն առնչուող հարցեր՝ հաւասարութիւն ապահովելով երկիրներու միջեւ»,- նշած է Ալիեւը։
Տարածաշրջանային համագործակցութեան 3+3 ձեւաչափը առաջարկած էին Ատրպէյճանն ու Թուրքիան Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմէն ետք։ Գաղափարի հիմնական նպատկներէն էր տարածաշրջանային գործընթացներուն մէջ Թուրքիոյ ներգրաւուածութիւնը՝ ի հակակշիռ 2020-ի նոյեմբեր 9-ի համաձայնութեամբ Ռուսիոյ մասնակցութեան։
Մինչ օրս 3+3-ի շրջածիրէն ներս ընդամէնը երեք հանդիպում եղած է․ առաջինը՝ 2021-ի դեկտեմբերին Մոսկուայի մէջ արտաքին գործոց փոխնախարարներու մակարդակով, միւսները՝ 2023-ի եւ 2024-ի հոկտեմբերին՝ համապատասխանաբար Թեհրանի եւ Իսթանպուլի մէջ։ Վրաստանը, պայմանաւորուած Ռուսիոյ հետ խնդիրներով, հրաժարած է մասնակցելէ այս ձեւաչափի հանդիպումներուն։