image

Միացեալ Նահանգներ հարուածած է իրանեան Քեշմ կղզին

Միացեալ Նահանգներ հարուածած է իրանեան Քեշմ կղզին

Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերը Իրանի Քեշմ կղզիի ուղղութեամբ արձակած են 10-էն 11 հրթիռ։ Հարուածներու հետեւանքով զոհեր չկան, յայտնած է կղզիի նահանգապետ Հոսէյն Ամիր Թէյմուրին։

«Բոլոր թիրախները ռազմական էին։ Բարեբախտաբար, այս յարձակումներուն հետեւանքով զոհեր չեն եղած», ըսած է ան IRNA գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ։

Աւելի վաղ ԱՄՆ զինուած ուժերու Կեդրոնական հրամանատարութիւնը յայտնած էր, որ ամերիկացի զինուորականները հարուածած են Իրանի տարածքին գտնուող մօտ 140 թիրախ՝ ի պատասխան Հորմուզի նեղուցին մէջ առեւտրային նաւու մը դէմ իրականացուած հարուածին։

Իրանն ալ իր կարգին հրթիռներ արձակած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմակայաններու եւ այլ ռազմական կառոյցներու ուղղութեամբ։ Իրանական օդային յարձակումներու յետմղման մասին յայտարարած են Պահրէյնը, Քաթարը, Քուէյթը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները եւ Օմանը։