Օրերս Երեւանի մէջ, կազմակերպութեամբ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հայաստանեան մասնաճիւղին, տեղի ունեցաւ ներկայացումը ամերիկահայ յայտնի հասարակական գործիչ, հրապարակախօս՝ Երուանդ Ազատեանի «Ազգային- քաղաքական յորձանուտին մէջ» գիրքին:
Այս մասին կը հաղորդէ «Արեւելք»ի Երեւանի թղթակիցը:
Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ գիրքի ներկայացման հանդիսութեան ներկայ էր հեղինակը՝ Երուանդ Ազատեան, որ հակիրճ խօսք մը արտասանելով, անդրադարձաւ այն հանգամանքներուն, որոնք ծնունդ տուին եւ առիթ դարձան այս շահեկան գիրքի հրապարակման (Նշենք, որ Երուանդ Ազատեանի արտասանած խօսքը պիտի ներկայացնենք աւելի ուշ)։
Միջոցառման ընթացքին խօսքերով հանդէս եկան նաեւ հայրենի գրականագէտ Երուանդ Տէր Խաչատրեան, մտաւորական եւ բանասէր Հենրիկ Բախչինեան, «Ազգ» թերթի խմբագիր՝ Յակոբ Աւետիքեան եւ պատմաբան՝ Սուրէն Սարգսեան:
Բոլոր խօսք առնողները շեշտեցին, որ Երուանդ Ազատեան այն ինքնայատուկ մտաւորականներէն է, որ միշտ ալ իր գործունէութեամբ, իր խօսքով եւ ներկայութեամբ խթան հանդիսացած է Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններու զարգացման եւ բարգաւաճման:
Անոնք նաեւ նշեցին, որ Ազատեան հրապարակախօսը միշտ ալ եղած է պարտաճանաչ, մասնաւորաբար, հանդէպ իր ընթերցողներուն եւ ամէնշաբաթեայ դրութեամբ անդրադարձած է ոչ միայնՀայաստանը եւ հայ ժողովուրդը յուզող հիմնահարցերուն, այլ նաեւ հակիրճ պատկերով մը ներկայացուցած է Հայաստանը շրջապատող երկիրներուն մէջ առկայ հարցերը, եւ փորձած է այդ բոլորը ներկայացնելով պատգամ մը, ըսելիք մը ունենալ հայ ընթերցողին:
Բանախօսները նաեւ նկատել տուին, որ երկար տարիներու ընթացքին Ազատեան երբեք ալ չէ շեղած առաջապահ մտաւորական ըլլալու իր հանձնառութենէն եւ հայ գիրի ու տիպի հանդէպ իր ունեցած հետաքրքրութիւններէն անդին նաեւ էջեր ձօնած է արուեստի աշխարհին, քաղաքական մեծ անցուդարձերուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանը եւ հայութիւնը մտահոգող հարցերուն:
Հանդիսութեան ընթացքին նաեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որու ընթացքին ալ հանդէս եկան «Նայիրի» երգչախումբի անդամները:
Նշենք նաեւ, որ հանդիսութենէն ետք հեղինակը անձամբ փափաքողներուն մակագրեց իր հատորները, ու յուսադրիչ շեշտով մը նշեց, որ այս հրատարակութեան երկրորդ հատորը լոյս պիտի տեսնէ յառաջիկայ Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին:
Նշենք, որ հատորը խմբագրած է հայրենի յայտնի գրականագէտ Երուանդ Տէր Խաչատրեան, իսկ յառաջաբանը գրած է «Ազգ» թերթի խմբագիր Յակոբ Աւետիքեան:




