image

Զմմառու ժողովը աւարտած. Պատրիարքի ընտրութեան ժողովի նոր ժամկէտի մասին տպուելաներ չկան

Զմմառու ժողովը աւարտած. Պատրիարքի ընտրութեան ժողովի նոր ժամկէտի մասին տպուելաներ չկան

 Սագօ  Արեան  լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝ 

Ինչպէս երէկ ալ կիսուած էի ձեր հետ Զմմառու Վանքէն իմ ունեցած տեղեկութիւններով, այսօր արդէն պաշտօնապէս հաստատուած է։

Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Սիւնոդին մասնակից Եպիսկոպոս հայրերը հրապարակած են հաղորդագրութիւն, ուր կը նշուի, որ ընտրական ժողովի առաջին փուլը աւարտած է.. առանց սպիտակ ծուխի։

Երկրորդ պատմական եւ նախատեսուած նիստի ժամկէտին մասին առ այժմ տեղեկութիւն չի հաղորդուիր, սակայն աւելի քան պարզ է, որ Վատիկանի օրհնութիւնը մեծապէս պիտի օգնէ, որ ՄԻԱԲԱՆ ՀԱՅՐԵՐԸ, ի վերջոյ ընտրեն նոր ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՆՈՐ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ-ՊԱՏՐԻԱՐՔ։

Ըսեմ նաեւ, որ եղածը աննախադէպ է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ համար (ինչքան ես գիտեմ , ու թող ներուի, եթէ վրիպած եմ) ու իմ ունեցած ՆԱԽՆԱԿԱՆ տուեալներով, յաջորդ ժողովը պիտի կայացուի Հռոմի մէջ, առաջիկայ Սեպտեմբերին։