Դաւիթ Խաժակեանը կը հեռանայ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութենէն։ Այս մասին ան յայտնած է դիմատետրի իր էջին։
Խաժակեանը կուսակցութեան անդամ էր 2015-էն: Ան կը զբաղցնէր կուսակցութեան փոխնախագահի պաշտօնը։
Խաժակեանի խօսքով՝ կուսակցութեան մէջ անցուցած տարիները եղած են քաղաքական հասունացման եւ զարգացման կարեւոր փուլ։ Ան շնորհակալութիւն յայտնած է գործընկերներուն, նախկին եւ ներկայ խմբակիցներին, ինչպէս նաեւ կուսակցութեան նախագահ Էտմոն Մարուքեանին՝ վստահութեան, համատեղ աշխատանքի եւ ստացած փորձի համար։
«Խորհրդարանական ընտրութիւններին չմասնակցելը իմ ընտրութիւնն էր, իսկ այժմ նաեւ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնում իմ առաքելութիւնը համարում եմ աւարտած»,- գրած է Խաժակեանը։