Ամերիկեան զինուած ուժերը հարուածներ հասցուցած են իրանական հրթիռային համակարգերու, հակաօդային պաշտպանութեան (ՀՕՊ) համալիրներու, ինչպէս նաեւ Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի շարժիչաւոր նաւակներուն՝ Հորմուզի նեղուցի շրջանին մէջ։ Այս մասին յայտնած է Axios լրատուական կայքի լրագրող Պարաք Ռաւիտ՝ վկայակոչելով ԱՄՆ վարչակազմի ներկայացուցիչը։
Ըստ հրապարակման՝ ԱՄՆ զինուած ուժերը շարք մը հարուածներ հասցուցած են հրթիռային համակարգերու, հակաօդային պաշտպանութեան համալիրներու, ինչպէս նաեւ ԻՀՊԿ-ի շարժիչաւոր նաւակներուն՝ Հորմուզի նեղուցի շրջանին մէջ։