Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ Ատրպէյճանը Հայաստանի համար վառելիքի վստահելի աղբիւր է։ Ան այս մասին ըսած է յուլիս 13-ին Շուշիի մէջ գումարուող Չորրորդ Համաշխարհային լրատուամիջոցներու համաժողովի բացման ժամանակ։
«Եթէ չեմ սխալիր, մինչեւ այսօր մատակարարուած է 10 հազար թոնէն աւելի նաւթամթերք։ Յատկապէս ներկայ պայմաններուն, երբ բազմաթիւ երկիրներ կը բախին վառելիքի պակասի, Հայաստանը ունի վառելիքի յուսալի աղբիւր, եւ այդ աղբիւրը Ատրպէյճանն է։ Եթէ այդպէս չըլլար, հաւանաբար այսօր Հայաստանը ստիպուած պիտի ըլլար աշխարհի տարբեր շրջաններէն պենզին եւ տիզելային վառելիք փնտռել»,– ըսած է Ատրպէյճանի նախագահը։
Անոր խօսքով՝ Ատրպէյճանի տարածքով Ռուսիայէն, Ղազախստանէն եւ այլ երկիրներէն Հայաստան փոխադրուած է տարբեր տեսակի 40 հազար թոնէն աւելի բեռ։