image

Գէորգ Գորգիսեանն ընտրուած է «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան փոխնախագահ

Գէորգ Գորգիսեանն ընտրուած է «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան փոխնախագահ

«Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան Կառավարման խորհուրդի որոշմամբ՝ Գէորգ Գորգիսեանն ընտրուած է կուսակցութեան փոխնախագահ: Այս մասին կը տեղեկացնեն կուսակցութենէն:

Գէորգ Գորգիսեանը երկար տարիներ աշխուժ մասնակցութիւն ունեցած է կուսակցութեան քաղաքական եւ կազմակերպչական գործունէութեան՝ իր ներդրումն ունենալով կուսակցութեան զարգացման, ծրագրային առաջնահերթութիւններու առաջմղման եւ քաղաքական գործունէութեան իրականացման գործին մէջ։ 

Յիշեցնենք, որ Դաւիթ Խաժակեանը դուրս եկած է «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութենէն: