Ինչպէս կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն, ռուսաստանաբնակ բարերար Համլէթ Վաչենանցի նախաձեռնութեամբ` Մարտունիի շրջանի բազմազաւակ ու կարիքաւոր աւելի քան 30 ընտանիքի, իբրեւ աջակցութիւն, ըստ առաջնահերթութեան, տրամադրուած է հագուստ, կահոյք, կենցաղային եւ այլ անհրաժեշտ ապրանքներ: Ծրագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերած են նաեւ բարերարներ Օննիկ Էւրիկեան, Սեմիոն Տաւիտով եւ Գագիկ Այվազեան: Անոնք յատուկ ժամանած են Արցախ` մէկ յարկի տակ այդ ընտանիքներուն հետ ծանօթանալու եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու համար:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան Նոյեմբեր 19-ին այցելած է Մարտունի քաղաք եւ տեղի մշակոյթի տան մէջ մասնակցած շրջանի բազմազաւակ աւելի քան 30 ընտանիքներու համար կազմակերպուած բարեգործական ձեռնարկին: