image
Հրատապ լուրեր:

Մելգոնեանի Յուշամատեանի շնորհահանդէսը՝ Կիպրոսի Նախագահական պալատին մէջ

Մելգոնեանի Յուշամատեանի շնորհահանդէսը՝ Կիպրոսի Նախագահական պալատին մէջ

Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան հարիւրամեակի նշումը Կիպրոսի մէջ նոր իմաստ ստացաւ Յուշամատեանի շնորհահանդէսով, որ մէկտեղեց հին ու նոր Մելգոնեանցիներ, պետական ներկայացուցիչներ, կրթական ու մշակութային գործիչներ։ Այս հանդիսութիւնը ոչ միայն յիշողութեան եւ երախտագիտութեան առիթ էր, այլեւ՝ Մելգոնեանի թողած կրթական, ազգային ու մշակութային մեծ ժառանգութեան վերահաստատում։

Այս առումով յատկապէս ընդգծելի էր Կիպրահայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի դերը, որ իր հետեւողական աշխատանքով եւ ներկայութեամբ շարունակ կը նպաստէ Մելգոնեանի յիշատակի, կիպրահայ համայնքի կրթական ժառանգութեան եւ հայ ինքնութեան պահպանման գործին։ Յուշամատեանի շնորհահանդէսը նաեւ վկայութիւն մըն էր այն լայն գնահատանքին, զոր Կիպրոսի պետական շրջանակները եւ կիպրահայ համայնքը կը ցուցաբերեն Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան պատմական առաքելութեան հանդէպ։

Հինգշաբթի, 25 Յունիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 6։30-ին, Կիպրոսի Նախագահական Պալատին մէջ տեղի ունեցաւ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան նոր Յուշամատեանի շնորհահանդէսը՝ ստուար թիւով հրաւիրեալներու ներկայութեան, որոնց շարքին էին Մելգոնեանի 100-ամեակին առիթով արտասահմանէն ժամանած Մելգոնեանցիներ։

Ստորեւ   «Արեւելք»ի  ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ մասին  հրապարակուած  հաղորդագրութիւնը՝ 

Հինգշաբթի, 25 Յունիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 6։30-ին, Կիպրոսի Նախագահական Պալատին մէջ տեղի ունեցաւ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան նոր Յուշամատեանի Շնորհահանդէսը, ստուար թիւով հրաւիրեալներու ներկայութեան, որոնց կարգին՝ Մելգոնեանի 100 Ամեակին համար արտասահմանէն ժամանած Մելգոնեանցիներ։

Հաստատութեան քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, յաջորդաբար խօսք առին Կրթութեան, Մարմնակրթանքի եւ Երիտասարդութեան Նախարար Դոկտ․Աթինա Միխաիլիտու, Կիպրահայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, Կրօնական Փոքրամասնութիւներու Համակարգիչ Դոկտ․ Կիպրիանոս Տ․Լուիս եւ Մամլոյ եւ Տեղեկատուութեան գրասենեակի Տնօրէն Ալիկի Ստիլիանու։

Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, մասնակցութեամբ՝ Ս․Աստուածածին եկեղեցւոյ կրտսերներու երգչախումբին, ղեկավարութեամբ Վիքի Գույումճեանի եւ հայկական Պար՝ Համազգայինի Սիփան Պարախումբին կողմէ, ղեկավարութեամբ՝ պարուսոյց Գրիգոր Քէլէշեանի։

Յուշամատեանի ներկայացումը կատարեց բանասէր Դոկտ․ Անթոնիա Լոիզու։

Ներկաները մէկական օրինակ նուէր ստացան Յուշամատեանէն։