Սփիւռքի մէջ գործող հայկական կառոյցները կարեւոր կամուրջներ են համայնքներուն եւ Հայրենիքին միջեւ։ Անոնք ոչ միայն կը լսեն տեղական կարիքներն ու մտահոգութիւնները, այլեւ կը փորձեն զանոնք կապել Հայաստանի զարգացման ընդհանուր տեսլականին հետ։ Այս առումով, Յունաստանի մէջ ՀՀ Սփիւռքի գործերու յանձնակատարի գրասենեակը ուշագրաւ դեր ունի յունահայ համայնքի կազմակերպական, կրթամշակութային եւ երիտասարդական կեանքի աշխուժացման գործին մէջ։
Այս առումով ալ ՀՀ Սփիւռքի յանձնակատար Զարեհ Սինանեան օրերս այցելութիւն տուած է Աթէնք ու հանդիպած տեղի ՀՀ Սփիւռքի գործերու յանձնակատարի գրասենեակը։
Սինանեան նաեւ այդ մասին կատարած է գրառում մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝
22 Յունիսին այցելեցի Յունաստանի Հանրապետութեան մէջ ՀՀ Սփիւռքի գործերու յանձնակատարի գրասենեակը։
Այցելութեանս ընթացքին հանդիպում ունեցայ Յունաստանի մէջ Սփիւռքի գործերու յանձնակատար Միսաք Յովսէփեանին եւ գրասենեակի աշխատակազմին հետ։ Քննարկեցինք յունահայ համայնքին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները, կրթամշակութային կեանքի աշխուժացման, ինչպէս նաեւ Հայրենիք-Սփիւռք համագործակցութեան ընդլայնման առնչուող հարցեր։
Միսաք Յովսէփեան ներկայացուց գրասենեակի ընթացիկ գործունէութիւնը, համայնքային կառոյցներու եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու հետ համագործակցութեան հիմնական ուղղութիւնները։
Առանձնակի անդրադարձ կատարեցինք Գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ յունահայ երիտասարդներու եւ մասնագէտներու՝ Հայաստանի զարգացման գործընթացներուն աւելի գործօն կերպով ներգրաւուելու հնարաւորութիւններուն։
Բարձր գնահատեցի յանձնակատարի գրասենեակի գործունէութիւնը՝ ընդգծելով, որ նման կառոյցներ կարեւոր դեր ունին համայնքային կարիքներուն արագ, կազմակերպուած եւ նպատակային կերպով արձագանգելու գործին մէջ։
