Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշմամբ՝ Տիգրան Վիրաբեանը նշանակուած է կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ:
Որոշման մէջ ըսուած է. «Ղեկավարուելով «Հանրային ծառայութեան մասին» օրէնքի 9-րդ յօդուածի 1-ին մասով՝ Տիգրան Վիրաբեանին նշանակել կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սպորտի նախարարի տեղակալ»։
Այսօր աւելի վաղ յայտնի դարձած էր, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշումներով Յասմիկ Աւագեանն ու Դանիէլ Դանիէլեանն ազատուած են կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարարի պաշտօններէն:
Տիգրան Վիրաբեանը 2018–ի հոկտեմբերին նշանակուած է Երեւանի փոխքաղաքապետ, իսկ 2020 թ․ դեկտեմբերէն Հանրային հեռուստաընկերութեան փոխտնօրէնն ու գլխաւոր արտադրիչն է եւ հեռուստաընկերութեան գլխաւոր արտադրիչը։
Յատկանշական է, որ 2023–ի յուլիսին, երբ Արա Խզմալեանը նշանակուեցաւ Մատենադարանի տնօրէն, անոր փոխարէն կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարարի հաւանական թեկնածու կը համարուէր Տիգրան Վիրաբեանը, սակայն այդ ժամանակ ան չնշանակուեցաւ։