image

Արմէն Աշոտեանի կալանքի ժամկէտը կրնայ երկարաձգուիլ

Արմէն Աշոտեանի կալանքի ժամկէտը կրնայ երկարաձգուիլ

Քննչական մարմինը ներկայացուցած է Արմէն Աշոտեանի բանտային կալանքի ժամկէտը երկու ամիսով երկարացնելու միջնորդութիւն։ Այս մասին գրած է փաստաբան Ռուբէն Մելիքեանը:

«Միջնորդութիւնը քննութեան է առնուելու Հակակոռուպցիոն դատարանում վաղը՝ յուլիսի 2-ին, ժամը 18:30-ին։

Յիշեցնեմ, որ Աշոտեանն արգելանքի է վերցուել յունիսի 5-ին, իսկ դատարանը նրա նկատմամբ խափանման միջոց է կիրառել բանտային կալանքը՝ մէկ ամիս ժամկէտով։

Նախորդ գործով 777-օրեայ կալանքը հաշուի առնելով՝ Արմէն Աշոտեանի անազատութիւնը ներկայիս ռեժիմի օրօք ընդհանուր առմամբ տեւում է արդէն 800 օրից աւել»,-գրած է ան:

Քննչական Կոմիտէն յայտնած էր, որ 2009-2016 թուականներուն կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի պաշտօնը զբաղցուցած Արմէն Աշոտեան, որ լիազօրուած էր խթանելու կրթութեան եւ գիտութեան զարգացումը, մշակելու եւ իրականացնելու Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան քաղաքականութիւնը կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտներուն մէջ, անձնական շահագրգռուածութենէ եւ խմբային շահերէ մղուած, իր պաշտօնական դիրքը օգտագործած է ծառայութեան շահերուն հակառակ։

Ըստ Քննչական Կոմիտէին՝ ան գործած է 2008 թուականի օգոստոս 20-էն մինչեւ 2014 թուականի ապրիլ 26-ը Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահ, ապա մինչեւ 2016 թուականի սեպտեմբեր 20-ը ֆինանսներու նախարար եղած Գագիկ Խաչատրեանին եւ անոր որդի՝ Ա.Խ.-ին, նիւթական օգուտ ապահովելու նպատակով, որ վերջիններս շահաւէտ պայմաններով եւ առանց խոչընդոտներու ձեռք ձգեն օտարման ոչ ենթակայ գոյք։

Նոյն աղբիւրին համաձայն՝ Արմէն Աշոտեան այս գործողութիւնները կատարած է խումբով՝ ՀՀ «Երեւանի Վ. Բրիւսովի անուան պետական լեզուահասարակագիտական համալսարան» ՊՈԱԿ-ի կառավարման խորհուրդի նախագահ Վ.Ս.-ի, նոյն հաստատութեան տնօրէն Գ.Գ.-ի, փոխտնօրէն Ա.Ա.-ի, Ա.Խ.-ի, Գ.Խ.-ի, ինչպէս նաեւ անոնց հետ փոխկապակցուած Հ.Թ.-ի օժանդակութեամբ։

Քննչական Կոմիտէին համաձայն՝ այս գործողութիւններուն հետեւանքով, կաշառակերական սխեմայի կիրարկումով, Հայաստանի Հանրապետութեան պետական սեփականութեան հիմնադրամէն դուրս բերուած է Երեւանի Կեդրոն վարչական շրջանի Փուշքին փողոցի 38/1 շէնքի թիւ 59 հասցէին գտնուող, 208 միլիոն 908 հազար 500 դրամ արժողութեամբ, առանձնապէս խոշոր չափերու՝ 451.1 քառակուսի մեթր մակերեսով անշարժ գոյքը, ինչպէս նաեւ անոր անբաժանելի մասը հանդիսացող հողամասը, եւ ոչ ուսումնական նպատակներով օգտագործուելու համար փոխանցուած է բարձրաստիճան պաշտօնատար անձի եւ անոր հետ փոխկապակցուած անձի սեփականութեան։