image

Քարոզարշաւին ընդառաջ Փաշինեանի մերձաւոր գործիչներ արձակուրդ ստացած են

Քարոզարշաւին ընդառաջ Փաշինեանի մերձաւոր գործիչներ արձակուրդ ստացած են

Նիկոլ Փաշինեանն արձակուրդի ուղարկած է երեք մարզպետները: Կ'ենթադրուի, որ մարզպետներն արձակուրդի պիտի առնեն ընտրութիւններուն պատրաստուելու համար։

Արձակուրդի մէջ են նաեւ վարչապատի աշխատակազմի ղեկավար Արսէն Թորոսեանը եւ վարչապետի առաջին խորհրդական Արայիկ Յարութիւնեանը:

Նշենք, որ Շիրակի մարզպետ Յովհաննէս Յարութիւնեանին արձակուրդի մէջ գտնուելու ընթացքին պիտի փոխարինէ Շիրակի մարզպետի տեղակալ Պօղոս Աբրահամեանը»: Լոռիի մարզպետ Արամ Խաչատրեանին արձակուրդի մէջ գտնուելու ընթացքին պիտի փոխարինէ Հայաստանի Հանրապետութեան Լոռիի մարզպետի տեղակալ Գոռ Ասրեանը»: Գեղարքունիքի մարզպետ Գնել Սանոսեանին արձակուրդի մէջ գտնուելու ընթացքին պիտի փոխարինէ Հայաստանի Հանրապետութեան Գեղարքունիքի մարզպետի տեղակալ Նարեկ Մանուկեանը»:

Վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արսէն Թորոսեանին արձակուրդի մէջ գտնուելու ընթացքին պիտի փոխարինէ վարչապետի աշխատակազմի ղեկավարի առաջին տեղակալ Ծովինար Սողոմոնեանը: