image

Պէյրութ. Սերուժ Պաղտասարեանին Յուշավահան՝ Հայ Երաժշտական Ժառանգութեան Պահպանման Իր Ներդրումին Համար

Պէյրութ. Սերուժ Պաղտասարեանին Յուշավահան՝ Հայ Երաժշտական Ժառանգութեան Պահպանման Իր Ներդրումին Համար

Հայ երաժշտական ժառանգութեան պահպանումն ու նոր սերունդներուն փոխանցումը կը մնան կարեւոր առաքելութիւն մը՝ յատկապէս սփիւռքահայ արուեստագէտներուն համար։
Այս առումով, լիբանանահայ երիտասարդ երաժիշտ Սերուժ Պաղտասարեանի գործունէութիւնը արժանի է յատուկ գնահատանքի։
 Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի նախարարութեան մէջ կայացած հանդիպումը դարձաւ առիթ մը՝ արժեւորելու անոր արուեստագիտական նուաճումներն ու մշակութային նուիրումը։

Ստորեւ  Սերուժ Պաղտասարեանի Լիբանանի Երիտասարդութեան եւ Մարմնամարզի նախարարութիւն տուած այցին ու նախարարուհի Տիկն. Պայրագտարեանի կողմէ եղած արժէւորումին մասին եղած պաշտօնական լրատւութիւնը՝ 

Լիբանանահայ երաժիշտ Սերուժ Պաղտասարեան այցելեց նախարարութիւն։ Պաղտասարեան կը նկատուի հայկական երաժշտական դաշտի ամենէն խոստմնալից ու աչքառու երիտասարդ անուններէն մէկը, ինչպէս նաեւ միջազգային բեմերու վրայ աստիճանաբար հաստատուող նորատաղանդ արուեստագէտ մը։

Հանդիպման ընթացքին, դոկտ. Պայրագտարեան Սերուժ Պաղտասարեանին յանձնեց յուշավահան մը՝ ի գնահատանք անոր արուեստագիտական նուաճումներուն, ինչպէս նաեւ հայ երաժշտական ժառանգութիւնը պահպանելու եւ զայն նոր սերունդներուն փոխանցելու ուղղութեամբ ունեցած ներդրումին։

Դոկտ. Պայրագտարեան բարձր գնահատեց Պաղտասարեանի ջանքերը՝ աւանդական երաժշտութիւնը կենդանի պահելու եւ երիտասարդութիւնը իր մշակութային արմատներուն կապելու գործին մէջ։ Ան վերահաստատեց իր աջակցութիւնը այն բոլոր նախաձեռնութիւններուն, որոնք կը նպաստեն մշակութային ինքնութեան ամրապնդման եւ արուեստագիտական բարձր որակի խրախուսման։ Դոկտ. Պայրագտարեան նաեւ մաղթեց Սերուժ Պաղտասարեանին շարունակական յաջողութիւններ եւ միջազգային բեմերու վրայ աճող ճանաչում։