image
Հրատապ լուրեր:

Բանտարկեալ Գարիկ Մելգոնեան, որպէս բողոքի նշան իր ոտքերը յատակին գամած է

Բանտարկեալ  Գարիկ Մելգոնեան, որպէս բողոքի նշան    իր ոտքերը յատակին  գամած է

Հայաստանի  «Նուպարաշէն» բանտին մէջ բանտարկեալը, որպէս բողոքի նշան, ոտքերը յատակին գամած է: Այս մասին լուրը կը գրէ «Ժողովուրդ» պարբերականը:  Թերթին փոխանցմամբ  բանտարկեալներ  Արմէն Յակոբեան  եւ Գագիկ Մելգոնեանը բողոքներ ունենալով ինքնավնասման  քայլեր կատարած են: Մինչ  բանտարկեալ   Գարիկ Մելգոնեան  ոտքերը յատակին գամած է, անդին բանտարկեալ Արմէն Յակոբեան դաշունահարած է իր  փորը, որուն հետեւանքով  ենթարկուած է վիրաբուժական գործողութեան: Ըստ բանտարկեալներու հարազատներուն, անոնք այս քայլին կը դիմեն բանտի պատասխանատու մարմիններու ուշադրութիւնը   գրաւելու նպատակով:   Թերթը  նաեւ կը գրէ, թէ ներկայիս բանտարկեալներու հրահանգներ կու տայ  այլ բանտարկեալ մը ՝ Դաւիթ Անանեան: