image

Երեւանի մէջ բողոքի խաղաղ հաւաքը վերածուցաւ բռնութիւններու (Տեսանիւթ,Լուսանկարներ)

Երեւանի  մէջ բողոքի խաղաղ   հաւաքը  վերածուցաւ բռնութիւններու (Տեսանիւթ,Լուսանկարներ)

Այսօր առաւօտ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակի կառավարութեան շէնքի մօտ մինչ ՀՅԴ երիտասարդական թեւը բողոքի հաւաք մը կը կատարէր, ոստիկանութիւնը բռնի ուժ կիրառելով տասնեակ մասնակցներու բերման ենթարկեց: 

Նշենք, որ բողոքի հաւաքի ընթացքին երիտասարդները հերթաբար խօսք առնելով ծանր մեղադրանքներ ուղղեցին վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի հասցէին: Անոնք մանրամասնութիւններ տալով թուարկեցին Ղարաբաղի պատերազմի ընթացքին տեղի ունեցած դէպքերը, ընդգծլով, որ Փաշինեան այսօր կը մարմնաւորէ թոյլ ու անպատասխանատու ղեկավարի կերպար:

Անոնք նշեցին նաեւ, որ պատերազմի ողջ տեւողութեան Փաշինեան այնպիսի սխալներ գործած է, որ կասկածի տեղիք սկսած է տալ, որ ան մասնակից է Շուշիի յանձնման: Անոնք նաեւ մեղադրեցին Փաշինեանը, ըսելով որ ինք անտարբեր կը վերաբերի Հայաստանի խնդիրներուն, մասնաւորապէս գերիներու հարցին:

Բողոքի հաւաքի ընթացքին ՀՅԴ երիտասարդականի ներկայացուցիչը ըսաւ. « Փաշինեանը պատերազմի ընթացքին մեծ սխալներ գործած է եւ նոյնիսկ իր պատճառով Շուշին յանձնուած է հակառակորդին եւ այդ բոլորը կու գան եզրակացնելու, որ ինքը իրաւունք չունի մնալու իշխանութեան վրայ: Նիկոլ Փաշինեանը չի սպասարկեր Հայաստանի հանրապետութեան շահերը»:

Ան նաեւ ըսած է, որ «փաստ է, որ Նիկոլ Փաշինեանի համար ոչ մէկ բան արժէք ունի եւ անցնող օրերուն ալ իր ձեւական արտայայտութիւնները ցոյց կու տան, որ նոյնիսկ գերիներու հարցով ան լուրջ մօտեցում մը չունի: Պատկերացուցէք, որ ան ոչ մէկ բարոյական կարմիր գիծեր ունի եւ այդ բոլորը ցոյց կու տան որ ինքը անպիտան քաղաքական գործիչ է»:

Բողոքի հաւաքի աւարտին երիտասարդները ելակներ եւ տուրմի կտորներ նետեցին կառավարութեան շէնքի դռան դիմաց, որմէ ետք ոստիկանական խումբեր մօտեցան անոնց, տեղի ունեցաւ քաշքշուք եւ բերման ենթարկեցին տասնեակ երիտասարդներ, հակառակ անոր որ երիտասարդներուն կողմէ ոչ մէկ սխալ կամ հասարակական կարգը խախտող գործողութիւններ կատարուած էին:

Տասնեակ դաշնակցական երիտասարդներ այս պահուն կը գտնուին ոստիկանական բաժիններ:

Իրավիճակը բաւական լարուած էր կառավարութեան շէնքին մօտ, իսկ հաւաքի մասնակցող միւս անդամները, որոնց մէջ կային մեծ թիւով կանայք, փորձեցին մայր պողոտան փակել, սակայն չկարողացան՝ ոստիկանութեան միջամտութեան հետեւանքով:

Իրավիճակը այս պահուն խաղաղ է եւ կայուն է, սակայն յստակ է նաեւ որ Երեւանի ոստիկանութիւնը բացայայտ կերպով ուժ կիրառեց խաղաղ բողոքի ակցիա կատարողներուն դէմ: