Լոյս տեսած է Վահէ Պէրպէրեանի բարձր գնահատուած եւ հայերէնով երեք տպագրութիւններու արժանացած՝ «Նամակներ Զաաթար»էն վէպին անգլերէն թարգմանութիւնը՝ Letters From Zaatar-ը, որ տրամադրելի է Amazon-էն։ Թարգմանութիւնը կատարուած է հեղինակին կողմէ, որ նաեւ վերամշակած է գործը։
Վէպը, որ առաջին անգամ հրատարակուած էր 1996ին, Լոս Անճելըսի մէջ, պատմութիւնն է Լոս Անճելըսի մէջ բնակող միջին տարիքի ճարտարապետի մը՝ Զօհրապ Անմահունիի, որ իբրեւ հիւպատոս կ՛ուղարկուի Զաաթար անունով եւ աշխարհէն բոլորովին կտրուած երկիր մը: Հաւատքով եւ ինքնավստահութեամբ զինուած, Անմահունի երկար ատեն կը փորձէ իրեն վստահուած առաքելութիւնը արդարացնել, սակայն իր խանդավառութիւնը կը մարի, երբ իր կինն ու երախաները կը լքեն զինք ու հետզհետէ կ՛անդրադառնայ, որ զինք առաքողները իր գոյութիւնն իսկ մոռցած են: