Թեհրանն ու Տոհան համաձայնութեան եկած են Քաթարի մէջ գտնուող իրանական 12 միլիառ տոլարի արժողութեամբ սառեցուած միջոցներէն 6 միլիառ տոլարը ապասառեցնելու շուրջ։ Այս մասին, ըստ «Արմէնփրես»-ի, յայտնած է Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանը։
«Ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն համաձայն՝ Քաթարի մէջ գտնուող իրանական 12 միլիառ տոլարի ընդհանուր գումարէն 6 միլիառ տոլարը պիտի ապասառեցուի եւ վերադարձուի երկիր։ Միաժամանակ կը շարունակուին այդ միջոցներուն մնացեալ մասի վերադարձման շուրջ անհրաժեշտ աշխատանքները»,– Իրանի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը մէջբերած է Փեզեշքիանի խօսքը։
Յունիս 20-ին The Wall Street Journal օրաթերթը հաղորդած էր, որ Միացեալ Նահանգներն ու Քաթարը կ՚աշխատին իրանական սառեցուած միջոցներուն մէկ մասը Իրանի տրամադրութեան տակ դնելու մեխանիզմի մշակման ուղղութեամբ՝ մարդասիրական ապրանքներու ձեռքբերման նպատակով։ Պարբերականը նաեւ յայտնած էր, որ նախնական փուլին Թեհրանը կրնայ հասանելիութիւն ստանալ Քաթարի մէջ պահուող իրանական միջոցներէն 6 միլիառ տոլարին։