Կառավարութեան առաջարկած նոր օրէնքի նախագիծի համաձայն, որ յաջորդ շաբաթ պիտի քուէարկուի խորհրդարանին մէջ, աշխատանքային շաբաթը աւելի ճկուն պիտի դառնայ, ուր աշխատողները պիտի կարենան կրճատել աշխատանքային օրերու քանակը՝ դարձնելով 4 օր, սակայն աւելցնելով օրական աշխատաժամերը, եւ այս փոփոխութիւնը յունական արհմիութիւններու համար անհանգստութեան պատճառ դարձած է։
Bloomberg-ի փոխանցմամբ՝ գործադուլները տարածուած են ամբողջ երկրով. գնացքները կանգ առած են, իսկ նաւերը դուրս չեն գար նաւահանգիստներէն։