Միացեալ Նահանգները եւ Իրանը համաձայնած են դադրեցնել իրարու դէմ յարձակումները եւ յունիս 30-ին Քաթարի մէջ բանակցութիւններ վարել՝ փորձելու լուծել Հորմուզի նեղուցին առնչուող տարակարծութիւնները։ Այս մասին կը հաղորդէ Axios լրատուական հարթակը՝ յղում կատարելով ամերիկացի պաշտօնեաներու։
Կողմերու միջեւ փոխըմբռնման յուշագիր ստորագրուած է յունիս 18-ին, սակայն վերջին օրերուն հրադադարը խախտուած է Հորմուզի նեղուցով անցնող առեւտրական նաւերու վրայ իրանական հարուածներու, Իրանի դէմ ամերիկեան հարուածներու եւ տարածաշրջանին մէջ ամերիկեան կառոյցներուն դէմ իրանական պատասխան հարուածներու պատճառով։
«Մենք որոշած ենք դադրեցնել բոլոր ռազմական գործողութիւնները»,– Axios-ին ըսած է ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը։
Մէկ այլ պաշտօնեայ յայտնած է, որ երկու կողմերն ալ որոշած են «առայժմ» դադրեցնել կրակը եւ շարունակել գործնական բանակցութիւնները, ինչպէս նաեւ համաձայնած են, որ նաւերը ազատ անցնին նեղուցով։
Երկու պաշտօնեաները եւ մէկ այլ աղբիւր հաստատած են, որ յունիս 30-ին Տոհայի մէջ հանդիպում պիտի կայանայ։
Axios-ի աղբիւրներու համաձայն՝ յունիս 30-ի բանակցութիւնները նախապէս նախատեսուած էին տեղի ունենալ Զուիցերիոյ մէջ եւ վերաբերիլ Իրանի միջուկային ծրագիրին, սակայն վերջին սրացումէն ետք հանդիպման վայրը փոխուած է, իսկ բանակցող խումբերը պիտի կեդրոնանան Հորմուզի նեղուցին մէջ տիրող իրավիճակին վրայ։
Reuters լրատու գործակալութեան աղբիւրներն ալ հաստատած են, որ Ուաշինկթընն ու Թեհրանը համաձայնած են դադրեցնել վերսկսուած ռազմական գործողութիւնները եւ շարունակել մասնագիտական բանակցութիւնները։