Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Իսրայէլի կառավարութեան կոչ ըրած է վերանայելու Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ իր որոշումը։ Այս մասին կը հաղորդեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։
Մասնաւորապէս նշուած է, որ 1915 թուականի իրադարձութիւններու վերաբերեալ «պատմական ճշմարտութեան խեղաթիւրումը եւ բարդ պատմական գործընթացները իրաւական ու գիտական հիմքերէ հեռու քաղաքական որոշման առարկայ դարձնելը անընդունելի է»։
«Նման քայլերը կը ծառայեն ոչ թէ հաշտեցման եւ փոխըմբռնման, այլ գոյութիւն ունեցող հակասութիւններու հետագայ խորացման, կը խոչընդոտեն տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութիւնը եւ հաշտեցման հաստատման ուղղուած ջանքերը։
Մենք Իսրայէլի կառավարութեան կոչ կ՚ընենք վերանայելու իր ընդունած որոշումը։
Ատրպէյճանը նոյնպէս այսուհետեւ հետեւողականօրէն պիտի շարունակէ պաշտպանել իր դիրքորոշումը՝ պատմական ճշմարտութեան պաշտպանութեան, միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու յարգման եւ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան նպաստելու ուղղութեամբ»,– նշուած է արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։