Պաշտօնական Անգարան, արձագանգելով Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու Իսրայէլի կառավարութեան որոշման, Իսրայէլի ղեկավարութիւնը մեղադրած է «պատմական եւ իրաւական իրողութիւնները անտեսելու եւ պաղեստինցիներու դէմ իրականացուցած գործողութիւնները քօղարկելու» մէջ։
Այդ մասին Յունիս 28-ին յայտարարութիւն տարածած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, ուր մասնաւորաբար ըսուած է.
«Ամբողջ աշխարհի առջեւ պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ համակարգուած վայրագութիւններ իրականացնող եւ Միջազգային դատարանի մէջ Կազայի բնակիչներու դէմ ցեղասպանութիւն գործելու մէջ մեղադրուող Իսրայէլի կառավարութիւնը, 1915 թուականի իրադարձութիւններու վերաբերեալ ընդունած քաղաքական որոշմամբ նպատակ ունի քօղարկել սեփական յանցագործութիւնները։
Իրաւական եւ պատմական իրողութիւնները անտեսող այս չարամիտ փորձը ցոյց կու տայ այն դժուարին կացութիւնը, որուն մէջ յայտնուած են Նաթանիահուն եւ անոր յանցակիցները՝ հաշուի առնելով ձերբակալման հրամանը, զոր անոնց դէմ արձակած է Միջազգային քրէական դատարանը՝ պաղեստինցիներու դէմ գործուած յանցանքներու համար։
Թուրքիան պիտի շարունակէ վճռականօրէն աշխատիլ՝ վերջ տալու տարածաշրջանին մէջ Իսրայէլի ծաւալապաշտական եւ ապակայունացնող քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ պատասխանատուութեան ենթարկելու Նաթանիահուի կառավարութիւնը քաղաքացիական բնակչութեան, յատկապէս պաղեստինցի ժողովուրդի դէմ գործած յանցագործութիւններուն համար»։
Իսրայէլի կառավարութիւնը յունիս 28-ին պաշտօնապէս քուէարկած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու օգտին՝ հաւանութիւն տալով արտաքին գործոց նախարար Կիդէոն Սաարի կողմէ անցեալ շաբաթ ներկայացուած բանաձեւի նախագիծին։
«Ճիշդ քայլը կատարելու համար երբեք ուշ չէ»,– քուէարկութենէն ետք յայտարարած է Սաարը։
Բանաձեւը այժմ պիտի ներկայացուի Իսրայէլի խորհրդարան՝ Քնեսեթի լիագումար նիստին, վերջնական քուէարկութեան համար։