image
Հրատապ լուրեր:

Իրանի ԱԳՆ-ն հերքած է Տոհայի մէջ յունիս 30-ին ԱՄՆ-ի հետ խորհրդակցութիւններ կայացնելու մասին տեղեկութիւնը

Իրանի ԱԳՆ-ն հերքած է Տոհայի մէջ յունիս 30-ին ԱՄՆ-ի հետ խորհրդակցութիւններ կայացնելու մասին տեղեկութիւնը

Իրանի ԱԳ նախարարի տեղակալ Քազեմ Ղարիպապատին, որ Միացեալ Նահանգներու հետ յուշագրի գործադրութեան շուրջ բանակցող պատուիրակութեան անդամ է, հերքած է այս շաբաթ Տոհայի մէջ Միացեալ Նահանգներու հետ մասնագիտական խորհրդակցութիւններ սկսելու մասին տեղեկութիւնը։

«Այս շաբաթ աշխատանքային խումբերու մասնագիտական նիստեր կայացնելու ծրագիր չկայ։ Թէեւ Քաթարի հետ խորհրդակցութիւնները, ներառեալ միւս կողմի ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարումը վերահսկելու հարցի շուրջ, բնականոն հունով կը շարունակուին, որոշ լրատուամիջոցներու հաղորդագրութիւնները Տոհայի մէջ աշխատանքային խումբերու մասնագիտական բանակցութիւններ կայացնելու մասին չեն հաստատուիր»,– ըսած է ան լրագրողներուն։

Ղարիպապատին նշած է, որ կողմերը տակաւին համաձայնութեան չեն հասած մասնագիտական բանակցութիւններու կացյաման վայրին եւ ժամանակին շուրջ։ Այս հարցի վերաբերող խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին միջնորդ երկիրներու աջակցութեամբ, աւելցուցած է ան։

Յիշեցնենք, որ աւելի կանուխ Axios-ի լրագրող Պարաք Ռաւիտ յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի ներկայացուցիչները համաձայնութեան հասած են դադրեցնելու փոխադարձ հարուածները եւ Յունիս 30-ին Տոհայի մէջ խորհրդակցութիւններ կայացնելու՝ Հորմուզի նեղուցին շուրջ առկայ տարակարծութիւնները կարգաւորելու նպատակով։