image

Հայկական ժառանգութեան ամիսը նշուեցաւ Օնթարիոյի Խորհրդարանէն ներս

Հայկական ժառանգութեան ամիսը նշուեցաւ Օնթարիոյի Խորհրդարանէն ներս

Մայիս 25ի երեկոյեան, Օնթարիոյի (Գանատա) խորհրդարանի անդամ Արիս Պապիկեանի նախաձեռնութեամբ, հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ «Հայկական Ժառանգութեան Ամիս»ը։ Ամէնամեայ այս ձեռնարկը կրկին համախմբեց պետական պաշտօնատարներ, դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, հոգեւոր առաջնորդներ եւ հայկական համայնքի բազմաթիւ կազմակերպութիւններ։

Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Օնթարիոյի վարչապետ Տակ Ֆորտ, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Անահիտ Յարութիւնեան, տարբեր երկիրներու դեսպաններ եւ գլխաւոր հիւպատոսներ, չորս նախարարներ, նահանգային խորհրդարանի քսանէ աւելի անդամներ, ինչպէս նաեւ Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան։ Ներկայ էր նաեւ Թորոնթոյի մօտ Լիբանանի պատուոյ հիւպատոս Կրեկուար Փոստաճեանը։

Մասնակից կազմակերպութիւններուն շարքին էին՝ Սուրբ Աստուածածին Հայ Առաքելական եկեղեցին, Սուրբ Երրորդութիւն Հայ Առաքելական եկեղեցին, Թորոնթոյի Հայ Աւետարանական եկեղեցին, Գանատայի Հայոց առաջնորդարանի հոգեւոր հայրեր, Թորոնթոյի եւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ, Թորոնթոյի Հայ Համայնքային կեդրոնի անդամներ, ՀԲԸՄը, «Նոր Հայ Հորիզոն»ը, ՀՄԸՄը, Համազգայինը, Օնթարիոյի Հայ Ոսկերիչներու միութիւնը, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ այլ հայկական, մշակութային եւ համայնքային կառոյցներ։

Ձեռնարկին մասնակցեցան նաեւ Քուպայի, Տոմինիքեան Հանրապետութեան, Պանկլատէշի եւ Ինտոնեզիոյ գլխաւոր հիւպատոսները, ինչպէս նաեւ յունական, ղպտի, քրտական, չինական եւ քաղդէական համայնքներու ներկայացուցիչներ։ Ներկայ էր նաեւ Գանատայի Ցեղային մամուլի եւ լրատուամիջոցներու ազգային խորհուրդի նախագահ Թամ Սարաս։ Հանդիսութեան մասնակցեցաւ նաեւ աշխարհահռչակ ծանրամարտիկ Նազիկ Աւտալեանը։

Այս տարուան տօնակատարութիւնը չորրորդ անգամ ըլլալով կազմակերպուեցաւ Օնթարիոյի խորհրդարան շէնքին մէջ՝ շարունակելով այն գեղեցիկ աւանդոյթը, որ կը միաւորէ կառավարական եւ համայնքային ներկայացուցիչները՝ ի նպաստ հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման, արժեւորման եւ սերունդէ սերունդ փոխանցման։

Միջոցառման ընթացքին վարչապետը եւ տարբեր քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները իրենց ելոյթներուն մէջ անդրադարձան հայ համայնքի նշանակալի ներդրումին Գանատայի բազմամշակութային կեանքին մէջ։ Անոնք շեշտեցին հայկական մշակոյթի, պատմութեան եւ ազգային արժէքներու պահպանման կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի շարունակական դերակատարութիւնը՝ երկրի հասարակական եւ մշակութային զարգացման մէջ։

Այս առիթով երեսփոխան Արիս Պապիկեան պատրաստած էր 32 էջէ բաղկացած յատուկ գրքոյկ մը, որ կը ներկայացնէր Գանատայի մէջ հայերու պատմութիւնը, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը Գանատայի մէջ, Երուսաղէմի հայկական ներկայութիւնն ու դարաւոր ժառանգութիւնը մինչեւ այսօր, ինչպէս նաեւ աշխարհասփիւռ հայ գիւտարարներու եւ նորարարներու նշանակալի ներդրումները համաշխարհային զարգացման մէջ։ Գրքոյկը նաեւ կ՛անդրադառնար համայնքի կայացման ուղիին եւ հայ ժողովուրդի բազմադարեան մշակութային ժառանգութեան։

Սրահին մէկ բաժինը զարդարուած էր հայ անուանի արուեստագէտներու գծանկարներով, մինչ միւս բաժինը հարուստ էր հայկական խմիչքներով եւ հայկական աւանդական համադամ ուտեստներով։

Ձեռնարկի աւարտին, Պապիկեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան ձեռնարկի կազմակերպման եւ յաջող իրականացման մէջ։ Ան մասնաւորապէս գնահատեց Սեւակ Աւագեանի մասնակցութիւնը, որ ամէն տարի հայկական պարերով յաւելեալ շուք եւ ոգեւորութիւն կը հաղորդէ միջոցառման, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Նշան Փափազեանին, «Անուշ Մարքեթ»ին եւ Վլատիմիր Կրուզմանին (United Stars CorporationGroup)։

Բարձր մակարդակի այս ձեռնարկը եւս մէկ անգամ վերահաստատեց կառավարութեան եւ հայկական համայնքի միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ կապերը՝ վերածուելով համագործակցութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ մշակութային երկխօսութեան կարեւոր հարթակի մը։