image
Հրատապ լուրեր:

Ապտուլլահ Կիւլ. Ես Պատրաստ Եմ Քաղաքական Ասպարէզ Վերադառնալ Եթէ...

Ապտուլլահ Կիւլ.  Ես Պատրաստ  Եմ Քաղաքական Ասպարէզ Վերադառնալ Եթէ...

Թուրքիա-    Իր նախագահի  պաշտօնավարութեան   աւարտէն ետք  (2014) հազուագիւտ համարուող հարցազրոյցի մը ընթացքին Թուրքիոյ նախկին նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ   ըսած է, թէ ինք  պատրաստ է  քաղաքական  ասպարէզ  վերադառնալ եթէ «Ազգը  իրմէ  պահանջէ  այդ  մէկը»:Կիւլ նաեւ ըսած է, թէ ինք  նպատակ չունի    անձնական շահերու համար քաղաքականութեամբ զբաղուելու:     Նկատել տալով, որ երկիրը կը գտնուի լուրջ     հանգրուանի մը մէջ  Կիւլ իր պատրաստականութիւնը   յայտնած է    քաղաքական    կեանք  վերադառնալու առընթեր: Նշենք, որ   Թուրքիոյ  նախկին նախագահը      կը համարուի  AKP     կուսակցութեան հիմնադիրերէն մին: Վերջին շրջանին  թրքական մամուլի մէկէ աւելի ներկայացուցիչներ գրած են  այն մասին, թէ Կիւլ   իշխող նախագահ Էրտողանի հետ բաւական  խոր  տարակարծութիւններ ունի  եւ      անցեալ շաբաթ  կայացած    AKP-ի  5-րդ համագումարին անոր եւ  Պիւլէնթ Առընչի    չմասնակցիլը  կը վերագրուի այդ     տարակարծութիւններուն: