Հանրապետութեան տարածքին Նոյեմբեր 21-ի ցերեկը, 23-ի գիշերը՝ առանձին շրջաններու մէջ, իսկ 22-ին եւ 25-ին՝ շրջաններուն մեծ մասին մէջ, ժամանակ առ ժամանակ տեղումներ կը սպասուին։ Նոյեմբեր 22-ին եւ 25-ին առանձին շրջաններու մէջ տեղումները պիտի ըլլան համեմատաբար առատ։ Նոյեմբեր 23-ի ցերեկը եւ 24-ին սպասելի է առանց տեղումներու եղանակ։
Քամին հարաւ-արեւմտեան է՝ վայրկեանը 2-5 մեթր արագութեամբ։ Նոյեմբեր 21-22-ին եւ 24-25-ին առանձին շրջաններու մէջ սպասելի է նաեւ քամիի ուժգնացում՝ վայրկեանը 20-25 մեթր արագութեամբ։
Օդի ջերմաստիճանը Նոյեմբեր 21-ի ցերեկային ժամերուն աստիճանաբար պիտի բարձրանայ 3-5 աստիճանով, իսկ 22-ին նոյնքան պիտի նուազի։
Երեւանի մէջ Նոյեմբեր 21-ի երեկոյեան, 22-ին, 23-ի գիշերը եւ 25-ին ժամանակ առ ժամանակ անձրեւ կը սպասուի։ Նոյեմբեր 23-ի ցերեկը եւ 24-ին սպասելի է առանց տեղումներու եղանակ։