image

Նախագահ Ասատ, բոլոր սուրիացիներուն երկիր վերադառնալու կոչ ըրաւ

Նախագահ Ասատ, բոլոր սուրիացիներուն   երկիր  վերադառնալու կոչ ըրաւ

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ այսօր տեղի ունեցած պաշտօնական հանդիսութեան մը ընթացքին յայտարարեց, որ ժամանակը եկած է, որ իրենց հայրենիքէն հեռացած բոլոր քաղաքացիները երկիր վերադառնան։

Ասատ, որ իր 4-րդ նախագահութեան նստաշրջանին առաջ երկրի սահմանադրութեան վրայ երթում կատարեց, նշեց, որ Սուրիան պիտի պայքարի յանուն երկրի հողային ամբողջականութեան պայքար մղելով ահաբեկիչներուն ու անոնց նեցուկ կանգնող թուրքերուն եւ ամերիկացիներուն դէմ։

Պաշտօնական մարմիններու, քաղաքական եւ կրօնական ներկայացուցիչներու առջեւ խօսք արտասանելով Ասատ անդրադարձաւ մարդկային արժանիքներու, եւ հայրենասիրական մօտեցումներու մասին նշելով, որ սուրիացի ժողովուրդը նաեւ անոնց համար պայքարեցաւ։

Ծանրանալով երկրի վերականգման աշխատանքներուն վրայ, Ասատ կարեւորեց ելեկրատական խնդրի լուծումը, եւ այլընտրանքային ներուժի ստեղծումը, յատկապէս յիշատակելով, որ Սուրիան մատնուած է մեծ դժուարութիւններու, նաեւ այն պատճառով, որ մեծ թիւով սուրիացի գործարարներու գումարները, որոնք պահ դրուած են Լիբանանեան դրամատուներու մէջ, յայտնուած են կալանքի տակ ըլլալու վիճակի մը մէջ։ 

Նախագահ Ասատ կարեւորեց արաբականութեան ընկալումը նշելով, որ եւ արաբականութեան պատկանելիութիւնը եւ այդ գաղափարախօսութիւնը աւելի տարողունակ է ու անոր մէջ միայն կրօնական կամ էթնիք նրբութիւններ չկան այլ աւելին, հաւատալ տալով, որ Սուրիան միշտ ալ առաջատար մնացած է, որպէս արաբական ու պաղեստինեան դատին պաշտպան հանդիսացող երկիր։ 

Յիշեցնենք, որ անցեալ մայիսին նախագահ Ասատի  նախագահական նստաշրջանը պիտի երկարի 7 տարուան  վրայ։