image

«Կ՚ըսէի՝ երբեք չեմ ուզեր դերասան կամ բեմադրիչ կողակից ունենալ, բայց երջանիկ եմ, որ այսպէս եղաւ». Մարալ Գասպարեան

«Կ՚ըսէի՝ երբեք չեմ ուզեր դերասան  կամ բեմադրիչ  կողակից  ունենալ, բայց երջանիկ եմ, որ  այսպէս եղաւ». Մարալ Գասպարեան

Մարալ Գասպարեանը փոքր տարիքէն հէքիաթներ կը յօրինէր, ապա սիրահարեցաւ ջութակի ձայնին, իսկ տարիներ ետք հասկցաւ, որ իր տեղը բեմն է։

Սուրիայէն Հայաստան տեղափոխուելէ ետք ան սկսաւ յարմարիլ նոր միջավայրին, իսկ այսօր Հայաստանը արդէն իր կեանքին կարեւոր մասն է։

Մարալը կը գործէ թատրոնի եւ շարժապատկերի ասպարէզին մէջ, կը զբաղի նաեւ երաժշտութեամբ։ Վերջին շրջանին ան կը նկարահանուի «Մի գեղեցիկ օր» հեռուստաշարքին մէջ։ Դերասանուհիին համար Պելլայի կերպարը առիթ մըն է՝ խօսելու այն զգացումներուն մասին, որոնք կրնան ծանօթ ըլլալ շատ մը դեռահասներու։

Մարալ ունի ինքնատիպ ու զգայուն ներաշխարհ մը։ Մանկութենէն ի վեր եղած է շատ հանդարտ ու ինքնամփոփ երեխայ մը, որ կրնար ժամերով լուռ նստիլ եւ զբաղիլ իր սիրած գործերով։ Սենեակին մէջ փոքրիկ տան մը նկար ունէր։ Կը հաւատար, որ ինք այդ շէնքին պահակն է եւ նկարին միջոցով կը հետեւի անոր ամբողջ անցուդարձին։ Այս վառ երեւակայութիւնն ու անկեղծ հաւատքը ան պահպանած է մինչեւ այսօր՝ շարունակելով հաւատալ նաեւ այն բաներուն, որոնք տակաւին գոյութիւն չունին։ Համալսարան ընդունուելու ժամանակ ալ յստակօրէն հասկցաւ, որ բեմին վրայ ըլլալէն զատ՝ ուրիշ բան չէր ուզեր ընել։

Երաժշտութիւնը վաղ տարիքէն ընկերացած է իրեն։ Վեց-եօթը տարեկանին, հօրը ընկերոջ տղուն ջութակ նուագելը լսելով, սիրահարեցաւ այդ գործիքին։ Տղան իրեն քանի մը նօթա սորվեցուց։ Մարալը նուագեց ընտանիքին առջեւ եւ արժանացաւ իր առաջին ծափահարութիւններուն։ Ապա տուն վերադարձաւ, Ձմեռ Պապիկէն ջութակ խնդրեց եւ ստացաւ զայն։ Մանկութեան յուշերէն խօսելով՝ Մարալ կը նշէ, որ եթէ կարենար մէկ օրով վերադառնալ անցեալ, պիտի երթար Սուրիա՝ մեծ հօրն ու մեծ մօրը տունը, որպէսզի Կիրակի առտու մեծ հօր հետ եկեղեցի երթար, ինչպէս կ՚ընէր ամէն Կիրակի։

Սուրիայէն Հայաստան տեղափոխուիլը դերասանուհիին համար նոր փորձառութիւն մըն էր։ Հայրը իր մէջ արթնցուցած էր անսահման սէր դէպի Հայաստան։ Անոնք ամէն Կիրակի ընտանիքով կը նստէին հեռատեսիլին առջեւ եւ կը դիտէին Հանրապետութեան հրապարակի երգող շատրուանները։ Սակայն առաջին շրջանին ամենադժուարը լեզուական տարբերութիւնն էր։ Դպրոցին մէջ բոլորը հայերէն կը խօսէին, բայց արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի տարբերութեան պատճառով իրար չէին հասկնար։ Ատիկա իր առաջին հիասթափութիւնն էր։ Սուրիոյ եւ Հայաստանի առօրեային ու մտածելակերպին միջեւ ալ բացարձակ նմանութիւն չէր տեսներ։ Եթէ այսօր հանդիպէր Հայաստան նոր տեղափոխուած Մարալին, պարզապէս պիտի ըսէր. «Շարունակէ՛ նոյն ձեւով, որովհետեւ ամէն ինչ ճիշդ կ՚ընես»։

Թատրոնն ու շարժապատկերը առանձնայատուկ տեղ ունին անոր կեանքին մէջ։ Մարալի համար թատրոնի բեմին վրայ ապրուած զգացումները անհամեմատելի են շարժապատկերի փորձառութեան հետ։ Թատրոնին մէջ ամէն ինչ իրական է, կենդանի եւ կը պատահի նոյն այդ պահուն։ Տեսախցիկին առջեւ աշխատիլն ալ ունի իր դժուարութիւնները։ Երբեմն, օրինակ, պէտք է խաղալ տեսարանի մը աւարտը՝ առանց սկիզբը տակաւին նկարահանած ըլլալու։

«Մի գեղեցիկ օր» հեռուստաշարքին մէջ Պելլայի կերպարը մարմնաւորելը դերասանուհիին համար պատասխանատու աշխատանք մըն է։ Պելլան դպրոցին մէջ իր արտաքինին եւ միւսներէն տարբեր ըլլալուն պատճառով ծաղրանքի ու հալածանքի (bullying) կ՚ենթարկուի։ Մարալի համար Պելլան շատ գեղեցիկ է, պարզապէս ունի իր առանձնայատկութիւնները։ Դերը խաղալու ընթացքին ան նկատած է, որ երբեմն Պելլան կը շփոթէր իր անձին հետ։ Կերպարին հասցէին հնչած սուր խօսքերը երբեմն նոյնինքն իրեն կը վերագրէր։

Ծաղրողներուն ուղղուած իր պատգամն է, որ օր մը իրենք ալ անպայման ծաղրանքի պիտի ենթարկուին։ Իսկ նման իրավիճակի մէջ գտնուող դեռահասներուն կը մաղթէ ուժեղ ըլլալ եւ վստահիլ ճիշդ մարդոց։ Հոգեբանօրէն բարդ ու բազմաշերտ տեսարանի մը առիթով ան իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ բեմագիր Անի Մաղաքեանին, որ դերասանուհիին հնարաւորութիւն տուած է ապրելու եւ արտայայտելու այդքան բազմազան զգացումներ։ Մարալը նաեւ կ՚ընդգծէ, թէ որքան երջանիկ է բեմադրիչ Հայկ Վարդանեանի եւ ամբողջ խումբին հետ աշխատելուն համար։ Այս դերին շնորհիւ ան սկսած է աւելի սիրել ու գնահատել ինքզինք՝ յաղթահարելով նաեւ իր սեփական բարդոյթները։

Երաժշտական ասպարէզին մէջ Մարալ աշխոյժ համագործակցութիւն ունի «Ջրաներկ» խումբին հետ։ Ամէն ինչ սկսած է համալսարանական երկրորդ տարին, երբ իրենց կուրսը Եղիշէ Չարենցի «Ամբոխները խելագարուած» պոեմին հիման վրայ բեմադրուած «Բովանդակութիւն» ներկայացումը պատրաստած է։ Ներկայացումը հետագային «Արտաւազդ» մրցանակաբաշխութեան ժամանակ արժանացած է «Լաւագոյն երաժշտութեան հեղինակ» մրցանակին։ Այդ շրջանին կուրսի ղեկավար Գոռ Մարգարեանը նկատած է Մարալի ձայնային տուեալները եւ առաջարկած միանալ երաժշտութեան հեղինակ Նարեկ Կոսմոսի խումբին։ Ներկայացման ընթացքին Մարալ եւ իր կուրսընկերները միասին կ՚երգէին ու կը խաղային։ Աւելի ուշ անոր համագործակցութիւնը Նարեկի հետ շարունակուած է, եւ կազմուած է «Ջրաներկ» խումբը։ Այսօր Մարալ, Նարեկ եւ Քրիստ կը կազմեն խումբին մնայուն կորիզը, որուն միացած են նաեւ երկու այլ երաժիշտներ։ Նարեկը խումբին գեղարուեստական ղեկավարն է։ «Ջրաներկ» անունով անոնք համերգներ կու տան զանազան վայրերու մէջ, գլխաւորաբար՝ Աշտարակի թատրոնին մէջ։

Անձնական կեանքին մէջ եւս արուեստը վճռորոշ դեր խաղացած է։ Մարալի նշանածը՝ Անդրանիկ Միքայէլեանը, իրենց ծանօթութեան սկզբնական շրջանին եղած է իր դասախօսը։ Յարաբերութիւնները սկսած են ուսանող-դասախօսի սովորական սահմաններուն մէջ։ Բեմական խօսքի դասախօս Տաթեւ Ղազարեանն էր առաջինը, որ նկատած էր անոնց արուեստի առումով նմանութիւնը եւ շարունակ կ՚ըսէր Անդրանիկին, թէ իրենք իրարու կը յարմարին։ Անդրանիկն ալ սկսած էր աւելի ուշադիր հետեւիլ Մարալին եւ անոր մէջ նոր յատկութիւններ նկատել։ Ան սիրահարած է «Ջրաներկ»-ի առաջին համերգի ընթացքին։ Սակայն իր զգացումները խոստովանած է միայն Մարալի ուսումնառութեան աւարտէն ետք։ Այդ ժամանակ պարզուած է, որ երկուքն ալ նոյն ապրումները ունեցած են։

Անդրանիկը այսօր Մարալի առաջին քննադատն ու ոգեւորողն է թէ՛ շարժապատկերի, թէ՛ թատրոնի մէջ։ Թէեւ Մարալ նախապէս միշտ կ՚ըսէր, որ երբեք չէր փափաքեր դերասան, բեմադրիչ կամ արուեստի հետ կապ ունեցող անձ մը կողակից ունենալ, այսօր երջանիկ է, որ ամէն ինչ այսպէս դասաւորուած է։ Իրենց յարաբերութիւններուն մէջ ամենակարեւորը իրարու հետ անկեղծօրէն խօսիլն ու ամէն հարց քննարկելն է։ Ատոր շնորհիւ գրեթէ չեն վիճիր։ Ապագային ալ կը փափաքին շատ զաւակներ ունենալ եւ իրենց տունը լեցնել ծիծաղով ու աղմուկով։

Արագ հարցումներու բաժինին մէջ դերասանուհին կը նշէ, որ թատրոնը կը նախընտրէ շարժապատկերէն, իսկ իր ամենասիրելի զբաղումն է խաղալ երգելով։ Նախասիրած դերասաններուն շարքին են Մարլոն Պրանտօն եւ Ճեսսի Պաքլին, իսկ սիրելի երգիչը Քենտրիք Լամարն է։ Կը սիրէ ռեփն ու հիփ-հոփը, իսկ Pink Floyd-ի «Wish You Were Here» երգը կրնայ լսել անվերջ։ Սիրելի ֆիլմը «Կնքահայրն» է։ Երազանքի յատուկ դեր մը չունի, որովհետեւ կ՚ուզէ միշտ զանազան կերպարներ մարմնաւորել։ Եթէ դերասանուհի չըլլար, կրնար դրամատան կառավարիչ ըլլալ։ Իսկ եթէ իր կեանքը շարժապատկեր մը ըլլար, անիկա ողբերգակատակերգութիւն պիտի ըլլար։ Հարցումներէն ամենէն շատ յոգնեցուցիչը կը համարէ հետեւեալը. «Պելլան ե՞րբ պիտի կերպարանափոխուի»։

Իսկ եթէ առիթ ունենար մէկ յայտնի դերասանի հետ խաղալու, պիտի ընտրէր Անդրանիկ Միքայէլեանը։

 

(Աղբիւր՝ bravo.am, Հոկտեմբեր 2026)